Յարգելի Պրն. Յակոբեան,
«Զարթօնք»-ի վերջին յաւելուածը յարգանքի տուրք մըն էր Անժէլ Ճանճանեանի յիշատակին:
Ձեր խմբագրականը գնահատանքի սրտագին խօսք մըն էր՝ իր երկարամեայ վաստակին նուիրուած:
Յատկանշական էին Սեփեթճեանի եւ Տագէսեանի մէջբերումները, որովհետեւ անոնց ընդմէջէն մենք հաղորդ դարձանք օրդ. Ճանճանճեանի մտածումներուն եւ հաւատամքներուն: Ցանկալի էր, որ նմանատիպ մէջբերումներ աւելի շատ ըլլային հատորի մը մէջ: Կը հաւատամ, սակայն, որ այս յաւելուածէն կարելի է ինչ-որ չափով շարադրել օրդ. Ճանճանեանի ինքնակենսագրականը՝ տրուած ըլլալով, որ այդտեղ նշուած են զանազան թուականներ, իր պաշտպանած թեզին բովանդակութիւնը եւ Հարվըրտ համալսարանին մէջ մասնակցած դասընթացքներուն որոշ տեղեկութիւններ:
ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Պէյրութ