Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

ՀՀ ԱԳ Նախարարը կը Վերահաստատէ՝ ԼՂ Հիմնախնդիրը Պէտք է Լուծուի Բացառապէս Խաղաղ Ճանապարհով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հարցով իր դիրքորոշումը չէ փոխած. ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի խօսքով` խնդիրը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Յունուար 29-ին, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ, ԵՄ յանձնակատար Եոհաննէս Հանի հետ համատեղ ասուլիսին ընթացքին՝ յայտնած է ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան:

«Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը որոշողը ԼՂ ժողովուրդն է: Մենք ունինք վճռականութիւն՝ պաշտպանելու թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղը, թէ՛ Հայաստանը: Մենք գիտենք մեր կարողութիւնները, բայց կ՝ուզենք խաղաղ ճանապարհով յանգուցալուծել այդ գործընթացը»,- ըսած է Մնացականեան:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ հնարաւո՞ր է, որ Փետրուարին կայանալիք Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին ընթացքին հանդիպում տեղի ունենայ իր եւ իր գործընկերոջ կամ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Ատրպէյճանի նախագահի միջեւ, Մնացականեան նշած է, որ այդ հարցին եւ անվտանգութեան համաժողովին Փաշինեանի մասնակցութեան վերաբերեալ ոչինչ որոշուած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին