Արդէն իսկ 9 ամիսներ անցած են եւ Լիբանան տակաւին չունեցաւ իր Նախարարաց խորհուրդը, մինչ այս ուղղութեամբ չկան լուրջ յոյսեր, որոնք կրնան ազդարարել կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ լուրը:
Այս ուղղութեամբ շրջագայող միակ լուրն է, թէ ո՞ր կողմը ինչ նախարարութիւն պիտի ստանձնէ:
Ցաւալին այն է, որ ամիսներ առաջ պայքար կը տարուէր կարեւորագոյն նախարարութիւններ ձեռք ձգելու՝ նպատակ ունենալով ո՛չ անպայման ծառայել քաղաքացիին այլ ընտրական նպատակներով առաւելագոյն չափով քուէարկող սիրաշահիլ ի նպաստ կողմի մը:
Վերոյիշեալ պայքարը մղող կողմերն են, որ Լիբանանը հասցուցին այնպիսի իրավիճակի մը, որ նաեւ կարելի է կոչել «ձախողած երկիր», նկատի ունենալով, որ (Failed State) սահմանումին մէջ տեղ գտած շատ մը յատկանիշներ կը համընկնին Լիբանանի այսօրուայ իրավիճակին հետ: Այս ցաւալի իրականութեան վրայ եկաւ նաեւ աւելնալու լիբանանի դրամատնային համակարգի դիմագրաւած դժուարութիւնները, որ հակառակ կեդրոնական դրամատան տածած անզուգական ջանքերուն կրնայ օր մը ալ չդիմանալ:
Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ, ատենն է այլեւս քաղաքական կողմերուն վերադառնալու իրենց խիղճին, փրկելու համար այն ինչ, որ մնացած է: Երկիրը կը գտնուի իսկական վտանգի ընդառաջ: Հետեւաբար կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը աւելի քան պահանջք է, որ պէտք է իրագործուի ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ






