ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի 61րդ Պատգամաւորական Ժողովէն բխած որոշումներու լոյսին տակ, եւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակը աւելի եւս կազմակերպելու աշխատանքներու ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՌԱԿի գործունէութիւնը առաւելագոյնս արդիւնաւորելու ու անոր բարեյաջող յառաջընթացը երաշխաւորելու համար, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը վերջին շաբաթներուն վրայ երկարող աշխատանքներէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք հասաւ հետեւեալ որոշումներուն.
- Լիբանանի մէջ գործող ՌԱԿի ակումբներուն թիւը վերածել 6ի, անդամներու բնակարանի կամ աշխատատեղիի աշխարհագրական, տարիքային եւ այլ նպատակայարմար չափանիշերու վրայ հիմնուած:
- Լիբանանի մէջ յետայսու պիտի գործեն հետեւեալ ակումբները՝
- Պէյրութի շրջան. «ԶԱՐԹՕՆՔ» ակումբ
- Պուրճ Համուտի շրջան. «ՊԱՅՔԱՐ» ակումբ:
- Մեթնի եւ Քեսրուանի շրջանի ակումբ. (անունը կ՛որոշուի տուեալ ակումբի անդամական առաջին ժողովին:
- Զահլէի շրջան. «ԱԶԱՏ ԼԵՌ» ակումբ:
- Կանանց. «ՇՈՒՇԱՆ-ՎԱՐԴԵՆԻ» ակումբ:
- Երիտասարդական. «ԵՌԱԿ» ակումբ. Ենթայանձախումբեր՝ Մկրտիչ Փորթուգալեան Ուսանողական եւ Արմենական Պատանեկան Շարժում
- ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան անմիջական հովանիին տակ գործող յանձնախումբերու վերակազմութիւն.
- ԱՐՄԵՆԱԿ ԵԿԱՐԵԱՆ (ապահովական)
- ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ
- ՀԱՅ ԻՐԱՒԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
- ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ
- ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի ԴԱՏԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆի կազմութիւն:
- Ակումբներու եւ ժողովատեղիներու կառոյցներու բարեզարդում:
- Սոյն թուականէն մինչեւ ամիս մը երկարող ժամանակամիջոցին վերադասաւորել կուսակցութեանս լիբանանի շրջանակի անդամացանկը: Մինչ այդ ներկայ ակումբներու ներկայ վարչութիւններու գործունէութեանց ծիրը, պատասխանատուութիւններն ու իրաւասութիւնները սահմանափակել սոյն կէտին մէջ նշուած պարտականութեամբ միայն:
- ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով, յառաջիկայ Փետրուար ամսուայ վերջին շաբթուայ ընթացքին նախատեսել վերոյիշեալ վերակազմակերպուած ակումբներու անդամական ժողովներ, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան նոր անդամաքարտերու տուչութիւն եւ ակումբներու նոր վարչութիւններու ընտրութիւն:
- Ակումբներու նախկին անուններու տէր երախտաւոր գործիչներու մասին պատրաստել եւ տարածել պատշաճ գրականութիւն: Սոյն նպատակի իրագործման համար կազմել խմբագրական կազմ:
- Հանրութիւնը իրազեկել, որ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի 61րդ Պատգամաւորական Ժողովէն ստացած իր երկամեայ մանտադի մնացեալ ժամանակաշրջանին, իր ազգօգուտ եւ կուսակցանուէր առաքելութիւնը կը շարունակէ հետեւեալ կազմով.
Սեւակ Յակոբեան ատենապետ
Միքայէլ Վայէճեան փոխ ատենապետ
Վիգէն Թոսունեան ատենադպիր
Ճէքի Տէրվիշեան փոխ ատենադպիր
Սեդրակ Քիւրէճեան գանձապահ
Սամ Պասմաճեան խորհրդական
Արա Գոյունեան խորհրդական
Արմէն Վայէճեան խորհրդական
Գրիգոր Մկրեան խորհրդական
Գրիգոր Նազարեան խորհրդական
- Առ ի տեղեկութիւն հանրութեան, սոյն հաղորդագրութիւնը հրապարակել ՌԱԿի օրկաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անկէ օրինակներ յղել ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի 61րդ Պատգամաւորական Ժողովի օրուայ դիւանին, ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի ակումբներու վարչութիւններուն:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ