Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Աուն Եւ Քարտել Յոյս Կը Յայտնեն Նոյն Թափով Շարունակելու Գործակցութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Նախագահ Միշէլ Աուն երէկ գնահատեց Լիբանանի եւ Միացեալ  ազգերու կազմակերպութեան միջեւ գործակցութիւնը Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ համակարգող Փերնիլ Տահլեր Քարտելի հետ տեղի ունեցած հրաժեշտի հանդիպումին:
Աուն ընդգծեց երկկողմ գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ կապուած Իսրայէլի հետ հարաւային սահմանին ապահովութեան եւ կայունութեան՝ մասնաւորաբար յոյս յայտնելով, որ այս գործակցութիւնը պիտի ըլլայ շարունակական:
Հանդիպումէն ետք Քարտել, իր հերթին, հրապարակեց յայտարարութիւն մը, ուր շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Միշէլ Աունին՝ ՄԱԿ-ի հետ գործընկերութիւնը յառաջ մղելու նպատակով ներդրած հսկայական ջանքերուն եւ այս գծով ունեցած նկատառելի դերակատարութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին