Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Պըրրի Հանդիպումի Կը Հրաւիրէ Խորհրդարանի Քարտուղարութիւնը՝ Նշանակելու Օրէնսդրական Նիստը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Խորհրդարանի քարտուղարութեան հանդիպումը կը նախատեսուի Չորեքշաբթի երեկոյեան՝նշանակելու օրէնսդրական նիստը: Այս մասին կը տեղեկանանք խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Խորհրդարանի քարտուղարութիւնը հանդիպումի հրաւիրելէ ետք, Պըրրի, ըստ «Ալ Նահար» օրաթերթի հրապարակած հաղորդումներուն, դիտել տուաւ, որ ինք չի կրնար չէզոք կանգնիլ եւ ամենայն պաղարիւնութեամբ ականատես դառնալ երկրի փլուզումին:
Խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր «The Daily Star»-ին յայտնեց, որ նիստի ժամանակացոյցը տակաւին անորոշ է: Ան աւելցուց, որ սա պիտի յստականայ Չորեքշաբթի, երբ որոշուին նիստի օրակարգի քննարկուելիք թեմաները: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին