Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Հարիրի Կը Վերադառնայ Պէյրութ, Մինչ Կառավարութեան Կազմաւորումը Կը Թեւակոխէ Վճռական Շաբաթ Մը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի վերադարձաւ Պէյրութ: Այս մասին հաղորդած է Հարիրիի մօտ աղբիւր մը, մինչ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացը, ըստ Հարիրիի, թեւակոխեց վճռական շաբաթ մը:
Նշենք, որ Հարիրի կը գտնուէր Փարիզ ընտանեկան այցելութեան նպատակով: Այնուամենայնիւ, վարչապետի պաշտօնակատարը այդ միջոցին շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ հանգուցալուծելու կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղին: Ան առանձին տեսակցութիւններ ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժաաի հետ:
Նախքան երկրէն մեկնիլը, Հարիրի հանդիպում ունեցաւ նաեւ քաղաքական աւագ պաշտօնատարներու հետ՝ ազդանշելով դրական զարգացումներու հաւանականութիւնը 9-ամսեայ փակուղիի լուծման կապակցութեամբ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին