«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հաքերները մուտք գործեցին Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի միջազգային օդակայանի պաշտօնական կայքը:
Աղբիւրը մանրամասնութիւններ չի հաղորդեր կասկածեալ հաքերներուն մասին:
«Կիրակի երեկոյեան Պէյրութի օդակայանի կայքէջը ներխուժած են խումբ մը հաքերներ, եւ այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի խնդիրը լուծելու համար»,- քաղաքացիական օդագնացութեան ընդհանուր տնօրէն Մուհամմատ Ճեհապետտին հաղորդեց ազգային լրատուական գործակալութեան:






