Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Տիար Կարօ Փայլան հրապարակային բանախօսութիւն մը տուաւ Հայկազեան Համալսարանին մէջ Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ի երեկոյեան: Պրն. Փայլան Պէյրութ կը գտնուէր հրաւէրովը Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան՝ «Րէտ» ֆիլմի ցուցադրութեան առթիւ, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 25 Յունուարին Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի սրահին մէջ: Ֆիլմի բեմադրիչ եւ արտադրիչ Քատիր Աքըն նոյնպէս հրաւիրուած էր Պէյրութ: Ֆիլմը պատրաստուած է Աքընի աշխատասիրած «Փարամազ» գիրքին հիմամբ:
Հայ Աւետ. Գոլէճի սրահին մէջ տեղի ունեցած այս բանախօսութեան ներկայ էր մեծաթիւ հանրութիւն մը, որ եկած էր լսելու Պէյրութի մէջ անոր առաջին հրապարակային ելոյթը: Անոնք յոտնկայս ծափահարութեամբ դիմաւորեցին երիտասարդ հիւրը:
Բացման խօսքին մէջ, Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան բարի գալուստ մաղթեց մեծանուն հիւրին եւ ներկաներուն ու մատնանշեց, որ, հակառակ այն իրողութեան, որ հայ ժողովուրդին ճակատագիրը մեծապէս ազդուած է եւ կ’ազդուի քաղաքականութենէն, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններէն դուրս ապրող եւ գործող արհեստավարժ հայ քաղաքական դէմքերու թիւը շատ փոքր է: Ան այդ փոքրաթիւ խումբին մէջ առանձնացուց Պրն. Փայլանը, որ իր գործուէութեամբ լայնօրէն ծանօթ է սփիւռքահայութեան: Ապա ան բեմ հրաւիրեց հիւր բանախօսը:
Իր խօսքին մէջ, Պրն. Փայլան շեշտեց, որ ինք կու գայ հայոց պապենական հողերու երկրէն, եւ հարցադրեց ներկայ ունկնդիրներուն մէջ այնթապցիներու, մարաշցիներու, ատանացիներու, պոլսեցիներու, մալաթիացիներու… գոյութիւնը: Ան յայտնեց, որ լաւ լուրեր չունի Թուրքիայէն, ու ծանրացաւ Թուրքիոյ վերջին տարիներու ներքին քաղաքական կացութեան՝ շեշտը դնելով մարդկային իրաւանց, ազատութիւններու, կաշկանդումներու, սեղմումներու, ժողովրդավարութեան խոչընդոտումներու վրայ:
Պրն. Փայլան պատմական համառօտ ակնարկով մը խօսեցաւ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մասին՝ Սուլթան Համիտի օրերէն մինչեւ Իթթիհատ Վէ Թերաքքը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւն:
Ան վերլուծական օրինակներով բացատրեց եւ ընդգծեց, որ Օսմանեան Թուրքիոյ աշխարհագրա-քաղաքական դիրքը պատճառ դարձաւ, որ շրջանային թէ մեծ պետութիւններ ջանան սիրաշահիլ ու իրենց կողմը քաշել Թուրքիան: Պրն. Փայլան շեշտեց, որ սիրաշահելու այս քաղաքականութիւնը շեշտուած է 19-րդ դարու երրորդ քառորդէն սկսեալ, որմէ մեծապէս օգտուած են Օսմանեան Թուրքիոյ իշխանութիւնները՝ ի հեճուկս երկրին փոքրամասնութիւններուն, արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն: Ապա Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներէն անցնելով ժամանակակից Թուրքիոյ՝ ան ընդգծեց, որ նոյն այս քաղաքական հնարաւորութիւններէն կ’օգտուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան ներկայ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, եւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ անոր այս ընթացքին հետեւանքով լուրջ վտանգներ կը սպառնան երկրին ժողովրդավարութեան, փոքրամասնութեանց, ազատութիւններուն, արդարութեան, մարդկային իրաւանց, հարեւան երկիրներու հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ոչ-բնականոն զարգացման..: Ան շեշտեց, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն Ժողովուրդի Ժողովրդավար Կուսակցութեան (Հալք Տեմոքրասի Փարթիսի, HDP) 5000 անդամներ ձերբակալուած են եւ արգելափակուած կը մնան Թուրքիոյ բանտերու մէջ:
Բանախօսութեան աւարտին ուղղուեցան բազմաթիւ գրաւոր հարցումներ, որոնք կը վերաբերէին հայ-թրքական փրոթոքոլներուն եւ հայ-թրքական յարաբերութեանց, իր անձնական ապահովութեան, Թուրքիոյ էթնիք եւ գաղափարախօսական փոքրամասնութեանց գործակցութեան, Թուրքիոյ արգելափակեալ այլախոհներու ճակատագրին, քիւրտերն ալ Հայոց Ցեղասպանական ճակատագրին արժանացնելու հնարաւորութեանց եւն., որոնց յարգելի բանախօսը մանրամասնօրէն պատասխանեց, յստակ, թափանցիկ եւ բացորոշ բանաձեւումներով, ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Հանդիսութեան փակումը կատարեց Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ հաստատեց, թէ Կարօ Փայլան «կը խորհրդանշէ աւելի՛ն, քան վերջին հարիւրամեակին հայկական ծանրութիւնը պատմութեան, աշխարհագրութեան, նահատակութեան, գոյատեւումի եւ արդարութեան: Այս բոլորը շատ ծանր բեռ է: Տակաւին, ան կը հանդիսանայ խղճին ձայնը»: Վեր. Հայտոսթեան հաւաստեց, որ «բազմաթիւ հայեր Կարօ Փայլանի մէջ կը գտնեն իրենց չխօսուող դատին ձայնը», նաեւ աւելի քան հայկական պատումը, որմէ ան աւելի կը ծանրաբեռնուի, «քանի պատմութեան եւ արդարութեան բոլոր հարցերը իրար հանգուցուած են, մինչ մեր ժողովուրդը համբերատար է եւ ունի գոյատեւող յիշողութիւն»:
Վեր. Հայտոսթեան եզրափակեց իր խօսքը՝ շեշտելով. «դուն նաեւ մանկավարժ ես, բայց քու դասարանդ այսօր աւանդական դասարանէն շատ հեռու է, իսկ քու յայտագիրդ՝ գիրքէն խորունկ …: Բոլորս քեզի կ’ըսենք շնորհակալութիւն եւ կը մաղթենք, որ Աստուած քեզի հետ ըլլայ»:
Հանդիսութեան աւարտին, յարգելի հիւրը շրջեցաւ իրեն հետ հաղորդակցիլ եւ նկարուիլ ուզող հանդիսականներուն հետ թէ՛ սրահին մէջ եւ թէ՛ դուրսը բակին մէջ:
Նախապէս յարգարժան հիւրը, բանախօսութենէն առաջ հանդիպում մը ունեցած էր Վեր. Հայտոսթեանի հետ, շրջագայած էր Հայկազեան Համալսարանին մէջ, ծանօթացած համալսարանի գործունէութեան եւ հանդիպում ունեցած լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հ.