Հինգշաբթի, 05. 02. 2026

spot_img

Փայլան Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանը, ընկերակցութեամբ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանի եւ Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Մարտիկ Ժամկոչեան։

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին քննարկումներուն առանցքը, բնականաբար, հայ-թրքական յարաբերութիւնները, Ցեղասպանութեան հարցը, Սիսի Կաթողիկոսարանին դատը, Թուրքիոյ հայութեան պարզած ներկայ վիճակը եւ այլ յարակից խնդիրներն էին։ Նշեալ հարցերուն գծով Կարօ Փայլան անհրաժեշտ տեղեկութիւնները յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ միաժամանակ իր տեսակէտները յայտնելով։ Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման եւ այդ ծիրէն ներս Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին։

Ապա երեսփոխան Կարօ Փայլանը, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. տ. Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի առաջնորդութեամբ, այցելեց Մայրավանքի շրջափակին մէջ գտնուող Սրբոց Նահատակաց յուշարձան եւ իր յարգանքը մատուցեց Ցեղասպանութեան զոհ 1.5 միլիոն սրբացեալ նահատակներու յիշատակին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին