Սիրելի Օրդ. Ճանճանեան,
Այս առտու, Ալինային հետ նստած սուրճ խմած պահուն, քու մասիդ կը մտածէինք դարձեալ:
Ուշագրաւ է որ մենք երեքս՝ Արեգը, Ալինան եւ ես աշակերտած ենք քեզի: Ատիկա ապացոյց է որ դուն յանձնառու, երկարամեայ կրթական մշակ ես:
…Ստիպուած եմ ուրիշ օրուան ձգել Արեգին, Ալինային եւ իմ միասնաբար գրելիքները քու մասիդ: Որովհետեւ, կը փափաքիմ վկայակոչել քու՛ խօսքերէդ, որոնք լիարժէք գործադրողն ալ էիր:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
«Միայն դպրոցը չէ որ պիտի դաստիարակէ, աշխատանքի մղէ, զգաստութեան հրաւիրէ, սաստէ ու հարկ եղած պարագային պատժէ մեր պատանիները: Ծնողք աւելի քան պատասխանատու են իրենց զաւակներուն կրթութեան ու դաստիարակութեան: Ծնողք, դուք պիտի օգնէք մեզի, պիտի գործակցի՛ք մեզի հետ ձեր աչալուրջ հսկողութեամբ, խստապահանջ՝ բայց նոյն ատեն փոխհասկացողութեան վրայ հիմնուած վերաբերմունքով, որպէսզի ձեր զաւակները դառնան աշխատունակ, տոգորուին արդի բարդ կեանքը դիմագրաւելու տոկուն նկարագրով ու մտաւորական եւ այլ գիտելիքներու անհրաժեշտ պաշարով:
Յարգանք ունեցէք մարդ արարածին եւ բնութեան հանդէպ: Յարգեցէք ոչ միայն ձեր ծնողներն ու մեծերը, այլ յարգեցէք նաեւ ձեր տարեկիցները ու ձեզմէ փոքրերը: Յարգեցէք ձեր եւ ուրիշին ինչքերը, առարկաները, որեւէ ձեւով վնաս մի՛ հասցնէք ձեր շրջապատին, բնութեան: Ընդհակառակը՝ մտածեցէք զայն պահպանելու եւ գեղեցկացնելու մասին:
Առանց լուրջ ու հետեւողական աշխատանքի որեւէ յաջողութիւն՝ դպրոցական կամ այլ, կարելի չէ ունենալ:
Գիտակցեցէք թէ բազմաթիւ հանգամանքներ ունիք եւ ըստ այնմ ունիք նաեւ պարտաւորութիւններ: Մարդ էք, զաւակ էք ձեր ծնողներուն, հայ էք եւ լիբանանցի, հուսկ ուրեմն՝ անդամ ՀԲԸՄիութեան:
Նախ պարտաւոր էք որպէս մարդ դուք ձեզ իրագործել:
Քիչով մի՛ գոհանաք, ձգտեցէք միշտ լաւագոյնին: Եղէք հետաքրքրասէր, պրպտող եւ յառաջդիմելու տենչը թող խթանէ ձեր միտքն ու սիրտը:
Բարի՛ք գործեցէք եւ անպայման մի՛ սպասէք որ մէկը ձեզ կը վարձատրէ կամ կը գովէ անոր համար: Այն հանդարտութիւնը եւ խիղճի գոհունակութիւնը որ կը զգաք երբ բարի գործ մը կը կատարէք՝ ձեր վարձատրութիւնը սեպեցէք:
Հպարտացէ՛ք եւ ուրախացէ՛ք ձեր յաջողութիւններով, բայց մի՛ ըլլաք գոռոզ եւ անփափկանկատ:
Եղէք ուղղամի՛տ եւ արժանապատուութեան տէր անձեր:
Որպէսզի բարձրանաք եւ յաջողիք՝ դուք ձեզ մի՛ նուաստացնէք ուրիշներուն առջեւ, մի՛ քծնիք, մի՛ սողաք: Բարձրացէք ձե՛ր ճիգերով, պարկեշտօրէն, առանց ուրիշին անկումին կամ ձախորդութեան պատճառ դառնալու:
Եղէք ծառայասէ՛ր, ընկերասէր, սակայն մի տարուիք ձեր ընկերներէն՝ եթէ համոզուած չէք անոնց ընթացքին: Եղէք քա՛ջ, ձեր համոզումները պաշտպանելու համար: Մարդիկ ձեզ աւելի պիտի յարգեն ձեր անկախ մտածումին եւ հաստատ համոզումին համար:
Գիտցէ՛ք գնահատել գեղեցիկը, բարին եւ ճշմարիտը: Միայն նիւթական վայելքներ մի՛ փնտռէք: Մի՛ տարուիք խաբուսիկ եւ դիւրին հաճոյքներէ, արտառոց երգերէ, արտառոց նորաձեւութիւններէ եւ մտածելակերպէ՝ որոնք ողողած են մեզ:
Հաճոյք զգացէք բնութեան գեղեցկութիւններէն, մեղմ երաժշտութենէ մը, գեղեցիկ բանաստեղծութենէ եւ կամ արուեստի գործէ մը:
Ունեցէք պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ եղէք պարտաճանաչ: Երբ կը ստանձնէք գործ մը, պարտականութիւն մը՝ անպայման կատարեցէք զայն: Եթէ պիտի չկրնաք՝ քաջ եղէք սկիզբէն ըսելու:
Եղէք երախտագէտ, ձեզի եղած բարիք մը, ծառայութիւն մը ընդունեցէք ազնուութեամբ եւ գոհունակութեամբ եւ մտածեցէք վարձահատոյց ըլլալ»:






