ԼԻՏԱ ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԿԻՐԻԹԼԵԱՆ
ԶԱՐԹՕՆՔ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ, ՊԷՅՐՈՒԹ – Օրդ. Անժէլ Ճանճանեան՝ անուն մը, որ իբրեւ երկարամեայ տնօրէնուհի, ուսուցչուհի եւ կրթական մշակ անպայմանօրէն յիշատակ ձգած է Դարուհի-Յակոբեան, Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Կարմիրեան վարժարաններ յաճախած ուսանողներուն, ուսուցչական կազմին եւ ընդհանրապէս ՀԲԸՄ-ի շրջանակին: Իմ պարագայիս, քիչ մըն ալ աւելի եղաւ, երբ պատահականօրէն մեր գործատեղին, ուր ցայսօր կ’աշխատիմ, զուգադիպեցաւ օրդ. Ճանճանեանի բնակարանին դիմաց, եւ տարիներ շարունակ եղանք դրացուհիներ եւ սերտ բարեկամուհիներ:
Պայմաններու բերումով ականատես եղայ օրդ. Ճանճանեանին կեանքի բոլոր ելեւէջներուն, վերիվայրումներուն եւ յատկապէս վերջին շրջանի առանձին ու անտեսուած վիճակին:
Յիշատակներս շատ են օրդ. Ճանճանեանին հետ, որոնք եղան այնքան թանկագին, որովհետեւ ոչ եւս է ան, եւ արդէն մօտ քառասուն օր անցած է իր հեռանալուն այս աշխարհէն: Յիշատակներս նախ կապուած են օրդ. Ճանճանեանին՝ որպէս տնօրէնուհիի, որ խստօրէն եւ ամենայն ճարտարութեամբ կը ղեկավարէր դպրոցը: Չափազանց բծախնդիր բնաւորութեան տէր ըլլալով՝ օրէնքն ու կանոնը ամէն բանէ վեր կը դասէր: Իբրեւ ուսողութեան նիւթի դասատու՝ կը փորձէր ըլլալ ընկերային դասապահուն ընթացքին՝ նիւթը աւելի հաճելի դարձնելու համար աշակերտներուն: Կը քաջալերէր բոլորը եւ շատ կարեւոր խօսք մը կը շեշտէր միշտ, որ շատ տպաւորած է զիս մինչեւ հիմա, եւ ես կը գործածեմ յաճախ առ որ անկ է: Խօսքը հետեւեալն էր. «Ամէն մարդ թող ընէ իր լաւագոյնը»: Այսինքն՝ ըսել կ’ուզէր, որ 90-ի աշակերտը պէտք է ձգտի 90 բերելու եւ ոչ նուազ, իսկ 80-ի աշակերտը պէտք է ձգտի 80 բերելու եւ ոչ նուազ: Մէկ խօսքով՝ բոլորը չեն կրնար գերազանց ըլլալ, բայց իւրաքանչիւրը պարտի ընել իր լաւագոյնը:
Դասերու մէջ փայլուն նիշեր ունենալուս համար յատուկ սէր մը ունէր ինծի հանդէպ, եւ այդ պատճառաւ երբ Դարուհի Յակոբեան վարժարան դիմեցի ուսուցչութեան ասպարէզ մուտք գործելու, շատ ուրախացաւ: Սակայն միեւնոյն տարին (1993) զինք փոխադրեցին Կարմիրեան վարժարան դարձեալ որպէս տնօրէնուհի: Առ այդ, օրդ. Ճանճանեան որոշեց զիս ալ հետը փոխադրել Կարմիրեան՝ ըսելով, որ «դուն իմ քովս եկար, հետս պիտի տանիմ քեզի», եւ այդպէս գացի Կարմիրեան, ուր պիտի ստանձնէի պրէօվէ դասարանի Biology նիւթի դասաւանդութիւնը եւ այլ գիտական նիւթեր: Ի դէպ, Կարմիրեան այդ տարին առաջին անգամն էր որ կ’ունենար պրէօվէ դասարան, եւ ինծի համար մեծ պատասխանատուութիւն էր առնել այդպիսի պաշտօն մը: Իսկ ինչո՞ւ կը գրեմ այս բոլորը. մէկ այն պատճառով, որ վերամուտէն մի քանի օր առաջ միայն գործի առաջարկ մը եկաւ ինծի անուանի տարրալուծարանէ մը, եւ նախասիրութիւնս էր հոն աշխատիլ , սակայն ինչպէ՞ս պիտի փոխանցէի այդ լուրը օրդ. Ճանճանեանին վերամուտէն մի քանի օրեր առաջ միայն: Կեանքիս անկիւնադարձներէն մէկը եղաւ ասիկա եւ, հակառակ դժուար որոշումիս, օրդ. Ճանճանեան դիւրութեամբ հարթեց մտահոգութիւնս, ընդունեց առաջարկս եւ յաջողութիւն մաղթեց ինծի, քանի կ’ուզէր ինծի համար լաւագոյնը, թէկուզ ինքը երկու օրուան ընթացքին նոր ուսուցիչի փնտռտուքի պիտի սկսէր:
Ահաւասիկ պատահար մը, ուր օրդ. Ճանճանեանի ազնուական խառնուածքի տէր ըլլալը կը յատկանշուէր: Սակայն կ’արժէ աւելցնել, որ միեւնոյն ատեն յարգանք կը սպասէր, ուր որ պէտք է, եւ շատ կը նեղանար, եթէ մարդիկ անտեսէին եւ չարժեւորէին զինք:
Իբրեւ տնօրէնուհի՝ հակառակ իր զօրաւոր խառնուածքին եւ խիստ վարուելակերպին՝ ան ունէր նուրբ զգացումներ եւ կը սիրէր գնահատել լաւ գործ մը, յաջողութիւն մը կամ յաջող նախաձեռնութիւն մը:
Գործէն արձակուելէն ետք, դարձած էր արդէն բոլորովին ուրիշ անձ մը: Ժամանակի ընթացքին պակսեցան իր բարեկամ-բարեկամուհիները: Սրտնեղած ըլլալով միութենէն կամ ընդհանրապէս շրջանակէն՝ չէր մասնակցեր ձեռնարկներու, նոյնիսկ եթէ հրաւիրուէր : Իսկ եթէ չհրաւիրուէր, կը նեղուէր: Խառն զգացումներու կոյտ մը կը յուզէր իր հոգին, եւ ամէն անգամ երբ մեր գործատեղին այցելէր, կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս կասեցուցած էին զինք գործէն, թէ, իր կարծիքով, որքան անարդար էր այդ որոշումը, թէ ինչպէ՛ս նախօրօք լուր չէին տուած իրեն, թէ ինչպէ՛ս: Կը փորձէի մեղմացնել զինք կարելի եղածին չափ՝ նախ մտիկ ընելով, թէկուզ հազար անգամ, քանի խօսելու եւ սիրտը պարպելու ցանկութիւնը կար մէջը, իսկ իրեն կարեկցիլը կ’ամոքէր զինք: Չեմ մոռնար, երբ անգամ մը մեր գործատեղիին դրան առջեւ արտայայտուեցաւ խելացիութիւն եւ ընկերային խելացիութիւն ունենալու գաղափարներուն մասին: Այսինքն՝ ըսել կ’ուզէր, որ կեանքի մէջ մտային խելացիութիւնը լոկ բաւարար չէր , անոր կողքին մարդ պէտք էր ունենար նաեւ միջավայրի խելացիութիւն, ուր ընկերային կապերով մօտիկ մնար մարդոց եւ ճարտարութիւններով, ինչպէս նաեւ հասնէր տարբեր յաջողութիւններու: Միշտ կը գովէր ընտանիքս եւ զաւակներս՝ քանի մը անգամ փոքր նուէրներ ալ տալով , որոնց համար շատ երախտապարտ եղած եմ: Յաճախ կ’ուզէր իր գիրքերը, տեղեկութիւնները յանձնել պաշտօնական հաստատութիւններու, որպէսզի գործածուէին սերունդէ-սերունդ եւ այդ ձեւով օգտակար ըլլար գաղութին: Սակայն արհեստագիտութեան յառաջացումով ժամանակի ընթացքին իր այդ բոլոր թուղթերը, արխիւները թերեւս պիտի կորսնցնէին իրենց արժէքը, ամէն ինչ արհեստականացած եւ համակարգչային ըլլալով:
Չեմ գիտեր, թէ ալզայմր հիւանդութիւնը լա՞ւ, թէ վատ էր իր կեանքի վերջին փուլին: Շատ անգամ կը զարմանայի եւ կը ցաւէի, երբ տեսնէի, որ օրդ. Ճանճանեան կը կորսնցնէր իր յիշողութիւնը՝ հակառակ իր այդքան խելացիութեան եւ ուշիմութեան: Իսկ հիմա ալ որ հեռացաւ այս աշխարհէն, կ’ըսեմ՝ թերեւս ալ յիշողութիւնը կորսնցնելով՝ մոռցաւ իր ցաւերը եւ գոնէ վերջին մէկ տարին, թերեւս չյիշեց ասպարէզէն հեռացուելու դառնութիւնը: Այցելեցի իրեն բուժարան Մարտ ամսուան մէջ բարեկամի մը ընկերակցութեամբ, եւ արդէն հազիւ ճանչցաւ զիս:
Իսկ մահուան լուրը ստացայ ճիշդ իր տարեդարձին օրը: Սկիզբը բոլորիս ալ շշմեցուցիչ զուգադիպութիւն էր ծնած եւ մահացած օրերը միեւնոյն օրը ըլլալը, ՍԱԿԱՅՆ օրդ. Ճանճանեան այնքան իւրայատուկ էր եւ բծախնդիր ու ճշգրիտ, կարծէք աստուածային նախախնամութեամբ գծուած էր իր մահուան օրը տարեդարձին օրով:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի տնօրէնուհիս, ուսուցչուհիս, դրացուհիս եւ բարեկամուհիս՝ օրդ. Ճանճանեան:






