Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Նաթանիահու Կը Զգուշացնէ Հըզպալլայի Առաջանորդը Իսրայէլեան Բանակի Մահացու Մարտունակութենէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նաթանիահու զգուշացուց Հըզպալլա կուսակցութեան առաջնորդ Հասան Նասրալլան իր բանակի մահացու մարտունակութենէն՝ ի պատասխան Հըզպալլայի առաջնորդի՝ Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան յարադէպ յարձակումներէն զգուշացումներուն:
«Իսրայէլի բանակի զինուած ուժերը մահացու մարտունակութեամբ ու հզօրութեամբ կը կանգնին Հըզպալլայի հետ դէմ առ դէմ»,- ըսաւ Նաթանիահու նախարարաց խորհուրդի հանդիպումներէն մէկուն մեկնարկին:
«Ալ Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ժամանակ Շաբաթ Նասրալլա զգուշացուց Նաթանիահուն, որ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը եւ Հըզպալլան կրնան որեւէ պահու որոշել ինչ-որ ձեւով դիմադարձելու իսրայէլեան անդադրում յարձակումներուն:   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին