Հինգշաբթի, 05. 02. 2026

spot_img

Կարօ Փայլանի Հանդիպումը Լիբանանահայ Մամուլի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, Շաբաթ, 26 Յունուար 2019-ին Թուրքիոյ խորհրդարանի եւ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան անդամ, հայազգի Կարօ Փայլան հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ Հայկազեան համալսարանին մէջ:

Կարօ Փայլան ներկայացուց Թուրքիոյ իրավիճակը՝ ներքին եւ արտաքին զարգացումներու լոյսին տակ՝ կեդրոնանալով Թուրքիոյ հայութեան եւ փոքրամասնութիւններուն սպառնացող վտանգներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Արցախի հարցին զարգացումներուն:

Փայլան շեշտեց, որ Թուրքիա կը խուսափի առերեսուելու իր անցեալին հետ: Անոր կարծիքով՝ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը հիմք կրնայ ծառայել արդարութեան հաստատման եւ բազմաթիւ անլոյծ հարցերու լուծման:

Ապա տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, որուն ընթացքին Կարօ Փայլան յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տուաւ լիբանանահայ մամուլի ներկայացուցիչներու հարցումներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին