«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազգային ազատ հոսանք շարժումը քննադատեց Ամալ շարժումի խորհրդարանական պլոքի երեսփոխան, որ նախապէս մեղադրած էր Աունը ինքզինք կաշառակեր պաշտօնատարներով շրջապատելուն համար:
Հարաւային Լիբանանի մէջ միջոցառումի մը ժամանակ Ամալ շարժումի խորհրդարանական պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ խստիւ պահանջեց Աունէն, որ վերջ դնէ կաշառակերութեան, ինչը, ըստ իրեն, կը սկսի այն մարդոցմով, որոնք մօտիկ յարաբերութիւններու մէջ են երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ:
«Մենք ձեզի հետ կը խօսինք ամենայն սիրով ու յարգանքով: Արդեօք առիթով մը ըսա՞ծ էք ձեզի մօտիկ պաշտօնատար անձանց, որ վերջ դնեն կաշառակերութեան եւ պետական պիւտճէի մսխումին, ինչը փաստօրէն կը պատկանի միայն երկրին ու ժողովուրդին»,- ըսաւ Խալիլ՝ խօսքը ուղղելով նախագահ Աունին:






