Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Vale-ն Զգուշացուցած Է Պրազիլի Մէջ Մէկ Այլ Ամբարտակի Փլուզումի Վտանգէն. Յունուար 25-ին Մէկ Այլ Ամբարտակի Փլուզումը 34 Հոգիի Կեանքը Խլած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Պրազիլի հանքարդիւնաբերական Vale ընկերութիւնը զգուշացուցած է Պրումատինիօ համայնքին մէջ (Մինաս Ժերայիս նահանգ) մէկ այլ ամբարտակի փլուզումի վտանգէն, ուր Յունուար 25-ին ընկերութեան պատկանող ամբարտակի վթարին հետեւանքով զոհուած է 34 հոգի։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ԹԱՍՍ»-ը, այս մասին նշուած է ընկերութեան կայքին մէջ տեղադրուած մամուլի հաղորդագրութեան մէջ:

«Տեղական ժամանակով մօտ 5։30-ին նախազգուշացնող շչակներ միացուած են Պրումատինիօ համայնքին մէջ տեղակայուած Քորեկօ տու Ֆեյժան հանքին մօտ՝ կապուած VI ամբարտակի հսկողութեան համար տեղադրուած սարքերուն մէջ ջուրի մակարդակի բարձրացումին հետ»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։ – «Վալէ»-ն կը շարունակէ հետեւիլ իրավիճակի զարգացման։ Մանրամասնութիւնները կը հրապարակուին մօտ ժամանակներս»։

Առնուազն 34 հոգի զոհուած է, 23-ն՝ վիրաւորուած է Պրազիլի հարաւ-արեւելքը գտնուող Մինաս Ժերայիս  նահանգին մէջ ամբարտակի փլուզումին հետեւանքով, ինչը կը պահէր մետաղաձուլական արդիւնաբերութեան թափօններով ջուրը։ Աւելի քան 290 հոգի կը համարուի անհետ կորսուած։

Փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին, անոնց կը մասնակցի աւելի քան 200 հոգի։ Արտակարգ պատահարի շրջանը կ’ապրի մօտ 1000 մարդ։ Մինաս Ժերայիսի իշխանութիւնը եռօրեայ սուգ յայտարարած է։

Լուսանկարը՝ Fortune.com-ի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին