Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Նախարարութիւնը Յառաջ Պիտի Մղէ Ելեկտրահաշուիչներ Տեղադրելու Գործընթացը. Խուրի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռաըտ Խուրի խոստացաւ յառաջ մղել ելեկտրահաշուիչներ տեղադրելու գործընթացը եւ այս գծով ճնշում բանեցնել ելեկտրասարքերու սեփականատէրերուն վրայ՝ կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն, որ ամէն գնով պահանջեն իրենց իրաւունքները:
«Նախարարութիւնը իրաւամբ յաջողեցաւ նուաճում արձանագրել այս հարցին գծով անցնող մի քանի ամիսներուն»,- ըսաւ Խուրի «Լիբանան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ժամանակ՝ ըստ ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակումին:
Խուրի կ’ակնարկէր անցնող տարուան Հոկտեմբերին գործարկուած այն օրէնքին, ըստ որուն՝ ելեկտրասարքերու սեփականատէրերը պարտէին ելեկտրահաշուիչներ տեղադրել, որ կը միտի բաժանորդներուն հնարաւորութիւն տալու վճարելու բացառապէս իրենց սպառած ելեկտրականութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին