Այսօր Հայոց Բանակի օրն է: 28 Յունուարին Հայաստան պաշտօնապէս կը նշէ իր Բանակի օրը։ Այս տարի լրացաւ Հայոց բանակի օրի 27րդ ամեակը։
28 Յունուար 1992ին հայրենի կառավարութիւնը ընդունեց «Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մասին» արդէն պատմական դարձած որոշումը՝ այսպիսով իրաւականօրէն ազդարարելով Հայոց Ազգային բանակի ստեղծումը:
Կը շնորհաւորենք համայն Հայ ժողովուրդը Հայոց բանակի օրի 27րդ ամեակին առիթով:
Մենք կը հաւատանք, որ միայն հզօր եւ կատարելագործուած բանակով է, որ Հայ ազգը կրնայ յարատեւել:
«Խմբ.»






