Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Կրթական Նուիրեալի Մը Շիջումը

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման երկրորդ սերունդի կրթական ոլորտի արժէքներէն կը համարուի օրդ. Անժէլ Ճանճանեան, որ բախտաւորութիւնը ունեցաւ համալսարանական կրթութիւն ստանալու փոքրաթիւ այլ հայուհիներու հետ։ Մեծ ոստում էր այս երեւոյթը հայ իգական սեռի լիբանանեան կեանքին մէջ, երբ նախորդող սերունդի հայ օրիորդները առաւելագոյնը երկրորդական ուսման կը տիրանային, իսկ համալսարանական ուսումը անհասանելի էր իրենց համար։

1950-ական թուականներուն շրջանաւարտ դարձած ուսանողութիւնը սովորաբար կը հետեւէր Պէյրութի համալսարաններու ուսման ընթացքին, ինչպէս` ֆրանսական Սեն Ժոզէֆ համալսարանը, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը (AUB), Պէյրութի Կանանց գոլէճը (BWC) եւ Հայկազեան նորաբաց գոլէճը։

Համալսարանականներու այս փաղանգին մէջ կը գտնուէր Անժէլ Ճանճանեան, որ, աւարտած ըլլալով ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան երկր. վարժարանը, ընդունուած էր AUB-ի ուսանողութեան բաժանմունքը որպէս ուսումնապէս փայլուն ուսանողուհի։ Ան կ’աւարտէր իր ուսումնական ծրագիրը 1959-ին` ստանալով BA տիտղոսը ուսողութեան մէջ եւ Normal Diploma` ուսողութեան դասաւանդութեան մէջ։

Իր ուսանողական տարիներուն Անժէլ Ճանճանեան ուրիշ ուսանողներու հետ իր կարգին վայելեց ՀԲԸՄ-ի համալսարանական կրթաթոշակներու բարիքը եւ միշտ ալ երախտապարտ եղաւ այդ յոյժ կենսական օժանդակութեան համար։

Շրջանաւարտութենէն անմիջապէս ետք ան հրաւիրուեցաւ որպէս ուսողութեան մնայուն ուսուցչուհի իր մայր հաստատութենէն` Դարուհի Յակոբեան երկր. վարժարանէն ներս։ Որպէս երիտասարդ ուսուցչուհի` ան վայելեց հովանաւորութիւնը իր տնօրէններուն` պրն. Խաչեր Գալուստեանի, գրող Զարեհ Մելքոնեանի եւ տիկ. Սօսի Պետիկեանի։ Ան հետզհետէ կազմաւորուեցաւ որպէս կարող ուսուցչուհի յատկապէս ուսողութեան, բնագիտութեան եւ այլ գիտական բնագաւառներու մէջ։ Աշակերտուհիներու վկայութեամբ` ան կը տիրապետէր իր նիւթին եւ բացառիկ հաղորդականութեամբ կը փոխանցէր իր գիտելիքները։ Կը սիրցնէր ուսողութեան նման դժուար նիւթ մը իր աշակերտներուն` իր ուսուցողական յատուկ ոճով եւ նուիրումով։

Օրդ. Ճանճանեան իր մասնագիտութեան վերաբերեալ նորութիւններուն հաղորդ մնալու մեծ փափաքով եւ կրթական մանկավարժական զարգացնող երեւոյթներուն հետ քայլ պահելու մտադրութեամբ վերադարձաւ Ամերիկեան համալսարան եւ ձեռք ձգեց մագիստրոս արուեստից տիտղոսը մաթեմաթիկական ուսմանց եւ անոնց դասաւանդման վերջին նորութիւններուն հետ առնչուած։ Անշուշտ որ ան լաւագոյնս օգտագործեց նորովի ամբարած ուսման պաշարը յօգուտ ուսանողութեան։

Պատերազմական տարիներուն, երբ Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան վարժարանները պարտադրուեցան նոյն երդիկին տակ շարունակելու իրենց դասաւանդութիւնները Նազարեանի շէնքերուն մէջ, ան գործակցեցաւ նախ տնօրէն Արա Թօփճեանի հետ փորձի փոխանակումով եւ յետոյ պրն. Ժիրայր Դանիէլեանին հետ կարճ ժամանակով։

Ուսուցչական փորձառութիւնն ու համալսարանական տիտղոսներէն ապահոված իր հմտութիւնը զինք բարձրացուցին ուսուցչական պաշտօնէն դէպի տնօրէնութիւն Դարուհի Յակոբեան երկր. վարժարանի, որ վարեց ձեռնհասօրէն մօտաւորապէս քսանամեակ մը։ Հաստատութիւնը փայլուն շրջան մը բոլորեց այդ տարիներու իր տուած հունձքերով եւ պետական քննութիւններու մէջ արձանագրուած փայլուն յաջողութիւններով։ Տնօրէնուհի Ճանճանեան ուսանողներու ոչ միայն ուսումնական պատրաստութեամբ մտահոգ էր, այլեւ անոնց դաստիարակութեամբ եւ ազգային արժէքներու հանդէպ գիտակցութեան զարգացման գծով։ Իր ակադեմական պատրաստութեամբ եւ կրթական լայն փորձառութեամբ կը հանդիսանար խորհրդատու առաջնորդ իգական իրերայաջորդ սերունդներու։ Իրեն հետ ստեղծուած ուսուցիչ-տնօրէն-ուսանող յարաբերութիւնը շարունակուեցաւ աշակերտուհիներու շրջանաւարտութենէն երկար տարիներ ետք։ Իր սանուհիները երախտագիտութեամբ կը յիշեն, թէ որքան բան սորված են իրենց ուսուցչուհի-տնօրէնուհիի լայն մտահորիզոնէն։

Անոր բազմակողմանիօրէն զարգացած միտքը, բացի իր մասնագիտական հմտութենէն, ունէր խոր ծանօթութիւններ հայ եւ միջազգային գրականութեան, դասական երաժշտութեան, պատմութեան, գեղանկարչութեան եւ այլ նիւթերու շուրջ։

Իր գործելաոճը կը յատկանշուէր բծախնդրութեամբ եւ կատարեալին ձգտող արժեչափով։ Կրթական իր գործին մէջ չէր խնայեր ոչ աշխատանք, ոչ ճիգ։ Դարուհի Յակոբեանի 40-ամեակի առթիւ յոբելենական յանձնախումբի հետ իր ծաւալած կազմակերպուած աշխատանքը բազմաբնոյթ ձեռնարկներով նոր խանդավառութիւն ստեղծեցին հաստատութեան նկատմամբ։ Այդ առիթով իր արտասանած բացման խօսքը, ինչպէս նաեւ տարեկան իր կրթական զեկոյցները վկայականաց բաշխման հանդէսներու առիթով կ’արժէ հրատարակել եւ ամփոփել հատորի մը մէջ։ Նման ելոյթներուն ընդմէջէն կարելի էր նշմարել իր գործածած հայերէնի ճշգրտութիւնը եւ մակարդակը եւ անոնց բովանդակութեան տպաւորիչ խորքը։

Կարմիրեան վարժարանի 1995-2001 թուականներու իր տնօրէնութեան տարիներուն կը զուգադիպէր ամուսնոյս` Պէպօ Սիմոնեանի` միջնակարգի բարձրագոյն կարգերուն հայերէն լեզուի դասաւանդութեան։ Անոնք գործակցեցան իրարու հետ վեց տարի շարունակ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ։ Պէպօ Սիմոնեան կը վկայէր օրդ. Ճանճանեանի կրթական գործի հմտութեան եւ իմացութեան, ինչպէս նաեւ վարժարանը ուսումնապէս եւ վարչական գետնի վրայ լաւապէս ղեկավարելու կարողութեան մասին։ Այդ օրերուն Կարմիրեանը ունէր 375 աշակերտ, ոչ մէկ նիւթական բաց եւ ուսման բարձր մակարդակ։ Այդպիսի բարգաւաճ հաստատութեան մը տնօրէնուհին էր օրդ. Ճանճանեան։

Օրդ. Ճանճանեանի տնօրէնութեան տարիներուն հետ կապուած յուշ մը ունիմ, որ կ’ուզեմ մէջբերել այստեղ։ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնական վարչութեան կրթական բաժնի ատենապետուհի դոկտ. Բերկրուհի Սվաճեան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս իրականութիւն դարձաւ Հարուըրտ համալսարանի ամառնային մանկավարժական-վարչագիտական դասընթացքին հետեւելու նպատակով օր. Ճանճանեանին կրթաթոշակ մը շնորհելու համար վարչութեան կատարած իր թելադրութիւնը։

Օր. Ճանճանեան յաջողութեամբ աւարտեց դասընթացքը` արժանանալով կազմակերպիչ տնօրէն խորհուրդի մասնաւոր գնահատանքին իր բերած արժէքաւոր նպաստին համար որպէս լիբանանեան կրթական փորձառութիւնը փոխանցող ներկայացուցիչ։ Այստեղ կարելի է յիշատակել նաեւ Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած ուսուցչական որակաւորման դասընթացքները, որոնք երկու առիթներով յատուկ տնօրէններու համար նախապատրաստուած էին։ Պէպօ Սիմոնեան մաս կը կազմէր օր. Ճանճանեանի եւ այլ տնօրէններու խմբային այդ աշխատանքներուն եւ բարձր կը գնահատէր զինք իր գործուն եւ տպաւորիչ մասնակցութեան համար։

Անժէլ Ճանճանեանի` թէ՛ որպէս Դարուհի Յակոբեան վարժարանի ուսանողի, թէ միեւնոյն դպրոցի ուսուցչուհիի եւ տնօրէնուհիի եւ թէ Պօղոս Կարմիրեան վարժարանի տնօրէնուհիի վաստակը սերտօրէն կապուած է ՀԲԸՄ-ի կրթական կեանքին հետ։ Չմոռնանք նաեւ իր ծառայութիւնները ՀԲԸՄ-ի մշակութային յանձնախումբին որպէս գործունեայ եւ նուիրեալ վարչականուհի։

Կեանքով եւ ոգեւորութեամբ լեցուն Անժէլ Ճանճանեանը մեր յուշերուն մէջ կը մնայ որպէս նուիրեալ, յանձնառու եւ գաղափարապաշտ կրթական մշակ եւ իր վաստակը մաս կը կազմէ լիբանանահայ կրթական կեանքի պատմութեան։

Պէյրութ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին