Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Թրամփ Կը Դադրեցնէ «Շաթտաունը» (Shut down)

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ կը դադրեցնէ այսպէս կոչուած «շաթտաունը» (Shut down):

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ նովոսթի»-ն՝ վկայակոչելով Սպիտակ տունը: Թրամփը ստորագրած է գերատեսչութիւններուն համար ժամանակաւոր պիւտճէի նախագիծը` այս կերպ ԱՄՆ նախագահը կը դադրեցնէ պատմութեան ամենաերկար «շաթտաունը»:

Ըստ տարածուած հաղորդագրութեան` յաջորդող 3 շաբաթները կ’օգտագործուին պիւտճէի վերաբերեալ քննարկումներուն համար: Թրամփ «շաթտաունի» վերաբերեալ առաջին անգամ կը զիջի քոնկրեսի դեմոկրատներուն: «Շաթտաունը» կը ձգուէր 35 օր շարունակ:

Աւելի կանուխ, Թրամփ կը հրաժարէր պիւտճէն հաստատելէ, քանի որ այդտեղ ներառուած չէին Մեքսիքոյի սահմանին կառուցուելիք պատի ֆինանսական միջոցները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին