Թուրքիոյ գանձագողերը արդեն ունին իրենց ամսագիրը, ուր կը կիսուին հայերէ ու յոյներէ մնացած ոսկիներու ու թանկարժէք իրերու թաքստոցներու տեղի մասին մանրակրկիտ տեղեկութիւններով, ատոնք ճիշդ փնտռելու եւ գտնելու «մեքանիզմներով»: Այս մասին՝ ըստ «Թերթ»-ին՝ կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիէթ» թերթը:
Կը նշուի, որ 25 լիրա արժէքով ամսագիրը արդէն վաճառքի հանուած է առցանց: Գնորդներուն կ՛առաջարկուի նաեւ առաքում, իսկ գովազդին մէջ կը նշուի, որ ամսագիրը պատրաստուած է «այս գործին մեծ սիրահարներուն կողմէ»:
Նման նախագիծի անարգել տարածումը խստօրէն քննադատած են Թուրքիոյ հնագէտներու միութեան անդամները: Միութեան նախագահ Սոներ Աթեշօղուլլարը կը նկատէ, որ ամսագիրը կը նպաստէ երկրի օրէնքով արգիլուած պեղումներու դէպքերու տարածման:
«Ցաւօք, մեր օրէնքներուն մէջ առկայ բացթողումները պատճառ կը դառնան երկրի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման: Նախապէս միութիւն հիմնած գանձագողերը հիմա ալ ամսագիր կը հրատարակեն, մենք իսկապէս զարմացած ենք», – ըսած է Աթեշօղուլլարը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ գանձագողերու գործողութիւններուն պատճառով ամէն տարի կը քանդուին բազմաթիւ եկեղեցիներ, պատմական բազմաթիւ յուշարձաններ ու նոյնիսկ հին գերեզմանատուներ: