«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յունուար 26-ին այցելած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ խորհրդակցութիւն ունեցած է ՀՀ ՊՆ ղեկավար կազմին եւ Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմին հետ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետ Փաշինեան, ողջունելով ներկաները, կարեւորած է նման ձեւաչափով հանդիպումները՝ ՀՀ կառավարութեան եւ Զինուած ուժերու արդիւնաւէտ գործակցութեան տեսանկիւնէն: «Մեր ամենակարեւոր խնդիրը մեր անվտանգութեան մարտահրաւէրների սպասարկումն է: Մեր քաղաքական շեշտադրումը հետեւեալն է, եւ այդ շեշտադրման մէջ որեւէ նորութիւն չկայ. Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի անվտանգութեան թիւ մէկ երաշխաւորը Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերն են եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակը: Մենք արձանագրում ենք, որ զինուած ուժերու բնականոն զարգացումը եւ համապատասխանեցումը մարտունակութեան ժամանակակից կանոններին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի անվտանգութեան կարիքներին մեր բացարձակ առաջնահերթութիւնն է: Մենք այդ ուղղութեամբ պէտք է շարունակական աշխատենք՝ ունենալով կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ նպատակադրումներ, ինչպէս նաեւ գործողութիւնների ռազմավարութիւն», – նշած է երկրի վարչապետը:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ՀՀ վարչապետին ներկայացուցած է 2018 թուականին պաշտպանութեան համակարգին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ 2019 թուականին հիմնական առաջնահերթութիւնները:
«Նախորդ տարիների համեմատ 2018 թուականին, յատկապէս Յունիսից սկսած, մենք ունեցել ենք բաւական հանգիստ առաջնագիծ՝ պայմանաւորուած առաջին հերթին Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութեան ջանքերով եւ ամրագրուած մեր զինուած ուժերի յստակ մարտավարութեամբ ու գործողութիւններով: Այս առումով ցանկանում եմ վերահաստատել Ձեզ, որ մեր բանակն այսօր իր պատրաստութեամբ եւ կարգապահութեամբ պահպանելու է թէ՛ քաղաքական պայմանաւորուածութիւնները, եւ թէ՛ անհրաժեշտութեան դէպքում համապատասխան գործողութիւններով հակառակորդին պարտադրելու է մեզ համար նպաստաւոր պայմաններ»,– ըսած է Դաւիթ Տօնոյեան:
Նախարարին խօսքով՝ 2018 թուականին հիմնական ձեռքբերումներէն եղած է նաեւ զինուած ուժերը քաղաքական գործընթացներու վրայ ազդեցութենէն զերծ պահելը, ինչը լաւագոյնս դրսեւորուած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ, ինչպէս նաեւ զօրակոչային գործընթացին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները. «Արմատական քայլեր են ձեռնարկուել զօրակոչային գործընթացի թափանցիկութեան եւ արդարութեան բարելաւման, պետութիւն–զինուոր–ընտանիք մշտական կապի ամրապնդման եւ յստակեցման ուղղութեամբ: Դա դրսեւորուել է նաեւ ժամկէտային զինծառայողների պարենային եւ իրային ապահովման խնդիրների բարելաւման, ընդ որում՝ առանց յաւելեալ ֆինանսական միջոցների, ինչպէս նաեւ զինծառայողների իրաւունքների պաշտպանութեան ոլորտում»: Դաւիթ Տօնոյեան նշած է, որ շարունակուած է արդիւնաւէտ գործակցութեան զարգացումը ՀՀ դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն հետ ոչ միայն գործող պայմանագիրերու ծիրէն ներս, այլեւ նոր պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերումով: Իր խօսքով՝ իրենց աւարտին կը մօտենան նաեւ բանակի կառավարման համակարգի կառուցուածքային փոփոխութիւնները: «Ընթացքի մէջ են մի շարք օրէնսդրական փոփոխութիւններ, որոնք կոչուած են բարելաւելու, դիւրացնելու եւ արդիւնաւէտ դարձնելու կառավարման համակարգը, գնումների գործընթացները, բարձրացնելու զինուած ուժերի մարտունակութիւնը, բանակը դարձնելու առաւել թափանցիկ ու հաշուետու»,– նշած է նախարարը:
Ներկայացնելով 2019 թուականի հիմնական ընելիքները՝ պաշտպանութեան նախարարը ըսած է, որ կարեւոր առաջնահերթութիւններէն է պարտադիր եւ պայմանագրային ժամկէտային ծառայութեան կազմակերպութեան փոխլրացնող համակարգի շարունակական բարելաւումի քաղաքականութիւնը. «Կարեւորագոյն առաջնահերթութիւն ենք դիտարկում նաեւ մեր նիւթական եւ մարդկային ռեսուրսների կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացումը, ու բարեփոխումներն ուղղելու ենք բանակի մատակարարման եւ անձնակազմի կառավարման ոլորտներում միայն սկզբունքների եւ խելացի լուծումների վրայ հիմնուած համակարգերի ստեղծմանը՝ բացառելով հնարաւոր կողմնակալութիւն ու չարաշահումներ: Պէտք է շարունակենք աշխատել նաեւ զինուած ուժերի մարտունակութեան բարձրացման վրայ: Այս առումով միշտ կարեւորում ենք թէ՛ անձնակազմի կրթութիւնն ու մարտական պատրաստութիւնը, թէ՛ ժամանակակից սպառազինութեամբ եւ ռազմական տեխնիկայով համալրումը»: Դաւիթ Տօնոյեան յաւելած է, որ Հայաստանի պաշտպանութեան ոլորտի՝ 2019 թուականի առաջնահերթութիւններէն են նաեւ ռազմարդիւնաբերութեան խթանման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկումը, ինչպէս նաեւ միջազգային գործակցութեան շարունակական զարգացումը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին ոլորտի պատասխանատուները վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին զեկուցած են բանակաշինութեան, զինուած ուժերու մարտունակութեան բարձրացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ընթացիկ ռազմաքաղաքական ընդհանուր իրադրութեան եւ հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ ռազմական իրավիճակին վերաբերեալ: ՀՀ վարչապետին կողմէ տրուած են համապատասխան յանձնարարականներ:






