Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Ազգային Ազատ Հոսանքը Քննադատեց Ամալ Շարժումի Խորհրդարանական Պլոքի Երեսփոխանը՝ Աունը Շրջապատող Պաշտօնատարները Կաշառակերութեան Մէջ Մեղադրելուն Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ազգային ազատ հոսանք շարժումը քննադատեց Ամալ շարժումի խորհրդարանական պլոքի երեսփոխան, որ նախապէս մեղադրած էր Աունը ինքզինք կաշառակեր պաշտօնատարներով շրջապատելուն համար:
Հարաւային Լիբանանի մէջ միջոցառումի մը ժամանակ Ամալ շարժումի խորհրդարանական պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ խստիւ պահանջեց Աունէն, որ վերջ դնէ կաշառակերութեան, ինչը, ըստ իրեն, կը սկսի այն մարդոցմով, որոնք մօտիկ յարաբերութիւններու մէջ են երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ:
«Մենք ձեզի հետ կը խօսինք ամենայն սիրով ու յարգանքով: Արդեօք առիթով մը ըսա՞ծ էք ձեզի մօտիկ պաշտօնատար անձանց, որ վերջ դնեն կաշառակերութեան եւ պետական պիւտճէի մսխումին, ինչը փաստօրէն կը պատկանի միայն երկրին ու ժողովուրդին»,- ըսաւ Խալիլ՝ խօսքը ուղղելով նախագահ Աունին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին