Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Օրդ. Անժէլ Ճանճանեանի Անմար Յիշատակին

ԱՆԻ ԼԱՉԻՆԵԱՆ ՄԱԿԱՐԵԱՆ

Անմոռանալի յիշատակներ ունիմ Դարուհի Յակոբեան աղջկանց վարժարանի աշակերտական տարիներէս:

Ես ինքզինքս բախտաւոր կը զգամ վաստակաշատ ուսուցիչներէ, դաստիարակներէ եւ մանկավարժներէ ներշնչուելուս եւ անոնց անմիջական ազդեցութեան տակ կազմաւորուելուս համար, որոնցմէ էր օրդ. Անժէլ Ճանճանեանը:

Օրդ. Ճանճանեան գրահաշիւի ուսուցիչս էր: Առ այսօր կը յիշեմ, թէ որքա՛ն կազմակերպուած էր իր դասաւանդութեան եղանակը եւ որքան հետամուտ էր ստուգելու, թէ արդեօք մենք՝ աշակերտներս, լրիւ հասկցա՞ծ ենք տրուած բացատրութիւնը: Աւելին, ան պատրաստ էր ամէն կերպ օգնելու, երբ մենք ինչ-որ խրատի կարիքը ունենայինք, սակայն ան նաեւ խիստ էր իր պահանջներուն մէջ:
Իր տնօրէնութեան տարիներուն, ես հնարաւորութիւն ունեցայ իրեն հետ գործակցելու եւ բաժնեկցելու իմ մտածումներս ուսումնական մարտահրաւէրներուն, ուսուցիչի զարգացման ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ուսումնական նախաձեռնութիւնները խթանելու մասին:

Թէեւ իր կորուստը ծանր է ու վշտացնող, սակայն իմ եւ մի քանի սերունդներու վրայ իր բարերար ազդեցութիւնը աներկբայօրէն ուժեղ է եւ յաւերժ, որուն համար ես միշտ երախտապարտ եմ:

Խաղաղութի՜ւն ուսուցիչ, գործընկեր եւ օրինակելի տնօրէնուհի օրդ. Անժէլ Ճանճանեանի հոգիին: Յարգանքով եւ խոնարհութեամբ:

Պէյրութ

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին