«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռաըտ Խուրի խոստացաւ յառաջ մղել ելեկտրահաշուիչներ տեղադրելու գործընթացը եւ այս գծով ճնշում բանեցնել ելեկտրասարքերու սեփականատէրերուն վրայ՝ կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն, որ ամէն գնով պահանջեն իրենց իրաւունքները:
«Նախարարութիւնը իրաւամբ յաջողեցաւ նուաճում արձանագրել այս հարցին գծով անցնող մի քանի ամիսներուն»,- ըսաւ Խուրի «Լիբանան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ժամանակ՝ ըստ ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակումին:
Խուրի կ’ակնարկէր անցնող տարուան Հոկտեմբերին գործարկուած այն օրէնքին, ըստ որուն՝ ելեկտրասարքերու սեփականատէրերը պարտէին ելեկտրահաշուիչներ տեղադրել, որ կը միտի բաժանորդներուն հնարաւորութիւն տալու վճարելու բացառապէս իրենց սպառած ելեկտրականութեան համար:






