«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նաթանիահու զգուշացուց Հըզպալլա կուսակցութեան առաջնորդ Հասան Նասրալլան իր բանակի մահացու մարտունակութենէն՝ ի պատասխան Հըզպալլայի առաջնորդի՝ Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան յարադէպ յարձակումներէն զգուշացումներուն:
«Իսրայէլի բանակի զինուած ուժերը մահացու մարտունակութեամբ ու հզօրութեամբ կը կանգնին Հըզպալլայի հետ դէմ առ դէմ»,- ըսաւ Նաթանիահու նախարարաց խորհուրդի հանդիպումներէն մէկուն մեկնարկին:
«Ալ Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ժամանակ Շաբաթ Նասրալլա զգուշացուց Նաթանիահուն, որ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը եւ Հըզպալլան կրնան որեւէ պահու որոշել ինչ-որ ձեւով դիմադարձելու իսրայէլեան անդադրում յարձակումներուն:






