«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ կը դադրեցնէ այսպէս կոչուած «շաթտաունը» (Shut down):
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ նովոսթի»-ն՝ վկայակոչելով Սպիտակ տունը: Թրամփը ստորագրած է գերատեսչութիւններուն համար ժամանակաւոր պիւտճէի նախագիծը` այս կերպ ԱՄՆ նախագահը կը դադրեցնէ պատմութեան ամենաերկար «շաթտաունը»:
Ըստ տարածուած հաղորդագրութեան` յաջորդող 3 շաբաթները կ’օգտագործուին պիւտճէի վերաբերեալ քննարկումներուն համար: Թրամփ «շաթտաունի» վերաբերեալ առաջին անգամ կը զիջի քոնկրեսի դեմոկրատներուն: «Շաթտաունը» կը ձգուէր 35 օր շարունակ:
Աւելի կանուխ, Թրամփ կը հրաժարէր պիւտճէն հաստատելէ, քանի որ այդտեղ ներառուած չէին Մեքսիքոյի սահմանին կառուցուելիք պատի ֆինանսական միջոցները:






