ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ԶԱՐԹՕՆՔ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ, ՊԷՅՐՈՒԹ – Ուսուցչութիւնը միայն մասնագիտութիւն չէ, այլ ինքնին ապրելակերպ մը, կիրք մը, խանդավառութիւն մը: Կարելի է անվարան ըսել, որ աշակերտի մը ուսումնական նուաճումներուն վրայ ուսուցիչի մը ներգործութիւնը կամ դերակատարութիւնը 2-3 անգամ աւելի է, քան դպրոցին առնչուող միւս ազդակներունը: Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք մեր դպրոցական երանելի օրերուն, անպայման պիտի յիշենք այն ուսուցիչը, որ մեզ միշտ խրախուսեց եւ ներշնչեց: Ազդեցիկ եւ կարող մանկավարժ մը դժուար թէ ջնջուի իր ուսանողներուն յիշողութենէն:
Իրենց ասպարէզին հանդէպ անչափ սէր ու նուիրուածութիւն ցուցաբերող ուսուցիչները կտրականապէս կը զանազանուին իրենց աշակերտներուն ձեռքբերումներուն մէջ ունեցած դերակատարութեամբ:Լաւ դասաւանդելու կարեւոր ազդակներէն է նուիրուածութիւնը: Իրենց առաքելութեան ամրօրէն կառչած դասատուներ մշտապէս մտահոգ են իրենց աշակերտներուն յառաջընթացով: Անոնք ամէն գնով կ’աշխատին, որ աշակերտները լրջօրէն վերաբերին իրենց դասերուն եւ հետամուտ ըլլան ըստ կարելւոյն գիտելիքներ ամբարելու: Նմանօրինակ կրթական մշակներ միշտ կը ձգտին իրենց պատասխանատուութիւնները լիովին կատարելու աշակերտութեան հանդէպ: Այն ուսուցիչները, որ յանձնառու են իրենց առաքելութեան, նշանակելի դերակատարութիւն կ’ունենան իրենց աշակերտներուն յառաջընթացին մէջ:
Վերոյիշեալ սահմանումին կենդանի օրինակն էր օրդ. Անժէլ Ճանճանեան, զոր կը վկայեմ իրեն աշակերտելու եւ զինքը ճանչնալու բախտին արժանացած ատենի աշակերտի իմ հանգամանքով:
Անժել Ճանճանեան ծնած է 17 Դեկտեմբեր 1937-ին: Հօր անունը՝ Արմենակ, մօր անունը՝ Երանուհի: Աւարտելէ ետք ՀԲԸՄ Դարուհի Յակոբեան աղջկանց վարժարանը, թուաբանութեան մէջ պսակաւոր արուեստից վկայանը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ստացած է 31 Յունիս 1958-ին, իսկ 21 Յունիս 1971-ին՝ մագիստրոսը՝ մանկավարժութեան մէջ: Աւելի ուշ Հարվըրտ համալսարանին մէջ հետեւած է «Տնօրէնութեան արհեստն ու արուեստը» տնօրէններու համար նախատեսուած յատուկ դասընթացքներուն:
Համալսարանական իր առաջին վկայումէն անմիջապէս ետք վերադարձած է իր հոգեհարազատ Դարուհի Յակոբեան վարժարանը, ուր ան երկար տարիներ ծառայած է, նախ որպէս ուսուցչուհի, ապա տնօրէնուհի: Իր ասպարէզի վերջին տարիներուն ան որպէս տնօրէնուհի ծառայած է ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեանին վարժարանին:
Դիւրին չէին բնաւ օրդ. Ճանճանեանի պատասխանատուութիւն ստանձնած տարիները: Ան իր ազնիւ ժպիտով եւ համբերատար նկարագրով կրցած է դիմագրաւել անկարելին եւ կարելին:
Հակառակ իր բազմազբաղութեան՝ ան ժամանակը գտած էր իր ազգին ծառայելու նաեւ իր պատկանած մեծ Միութեան, ինչպէս նաեւ ՀԵԸ-ի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան միջոցաւ:
Ակադեմական եւ նկարագրային բարձր արժանիքներով օժտուած այս հայուհին արժանի է ամէն տեսակ գնահատանքի: Անոր ձգած աւանդը անզուգական է, որովհետեւ ան իր ետին նիւթական արժէքներ չէ անպայման, որ ձգեց, այլ մարդկային, որ կը դրսեւորուի իր հարիւրաւոր աշակերտներու յաջողութեամբ ու որպէս մարդ ունեցած արժանիքներով:
Բազմավաստակ կրթական մշակ, նուիրեալ մանկավարժ, ուսուցչուհի եւ տնօրէնուհի, լիբանանահայ կրթական ասպարէզի երկարամեայ անձնդիր անհատականութիւն հանդիսացող հանգուցեալ օրդ. Անժէլ Ճանճանեանի վաստակին անդրադարձող «Զարթօնք»-ի այս յաւելուածը նուազագոյնն է, որ կարելի էր մատուցել՝ գէթ յետմահու պատուելու արժանաւորը՝ գրաւոր յիշատակ մը ձգելով այս օրինակելի անձնաւորութան մասին:
Երախտապարտ ենք, որ մեր կոչին ընդառաջելով մեզի իրենց գրութիւններով նպաստեցին օր. Ճանճանեանի բարեկամ, լծակից, աշակերտ, ուսուցիչ կամ պաշտօնակից, որ ճանչցան զինք ու գործեցին իրեն հետ: Այս համեստ յաւելուածը փոքրիկ փունջ մըն է յուշերու, վերլուծական տողերու, մանրապատումներու եւ նկարագրական տողերու, որոնց միջոցաւ անոնք իրենց սրտի գրաւոր խօսքը ըսին սերունդներու առողջ դաստիարակութեան նախանձախնդիր այս հայուհիին մասին:
Վստահ ենք, որ, իր կարգին, իր պատկանած մեծ Միութիւնը պիտի չզլանայ աւելի ազդու եւ մնայուն միջոցով մը յաւերժացնելու իր համեստութեամբ մեծ այս նուիրեալին խնկելի յիշատակը:






