Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Փարիզը Պատրաստ Է Պատժամիջոցներ Կիրարկելու Իրանի Դէմ. Ֆրանսայի ԱԳ Նախարար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան Իվ լէ Տրիանը յայտարարած է, որ Փարիզը պատրաստ է Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներ սահմանելու իրանական ձգաբանական հրթիռներուն շուրջ բանակցութիւններուն յառաջընթացի բացակայութեան պարագային: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է «Reuters» գործակալութիւնը:

«Մենք շատ դժուարին երկխօսութիւն սկսած ենք… Մենք պատրաստ ենք, եթէ ատիկա դրական արդիւնքի չյանգեցնէ, կոշտ պատժամիջոցներ կիրարկելու, եւ անոնք այս մէկը լաւապէս գիտեն»,- ըսած է ան:

Աւելի կանուխ, Ֆրանսայի ԱԳ նախարարութիւնը դատապարտած է Իրանի կողմէ կրող հրթիռով արբանեակի արձակումը՝ ընդգծելով, որ նման գործողութիւնները չեն համապատասխաներ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւին: Բացի այդ՝ Փարիզը կոչ ըրած է «Իրանին՝ չիրականացնելու ձգաբանական հրթիռներու նոր արձակումներ, որոնք կրնան միջուկային զէնք կրել», հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին