«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վենեզուելայի ընդդիմութեան առաջնորդ Խուան Կուայտօն յայտարարած է, որ յառաջիկայ ժամերը վճռորոշ կ’ըլլան երկրին համար, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
«Յառաջիկայ ժամերը վճռորոշ պիտի ըլլան: Մի՛ լքէք զիս, որովհետեւ ես կեանքս կու տամ, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, յանուն իմ սիրելի Վենեզուելայի ազատութեան»,- Կուայտոյի խօսքը մէջբերած է «Նասիոնալ» թերթը:
Իր կարծիքով՝ Վենեզուելայի գործող կառավարութիւնը «պառակտուած է, ինչպէս երբեք»: «Ոչ մէկ բան կը կատարուի պատահականօրէն, վստահեցէ՛ք մեր գործողութիւններուն»,- յաւելած է ան:
Յունուար 23-ին Վենեզուելայի Ազգային ժողովի (միապալատ խորհրդարանի) ընդդիմադիր նախագահ Խուան Կուայտօն ինքզինք յայտարարած է երկրի նախագահի պաշտօնակատար: Քաղաքական գործչիը արդէն Վենեզուելայի ժամանակաւոր ղեկավար ճանչցած ԱՄՆ-ը, Գանատան, Արժանթինը, Պրազիլը, Չիլին, Գոլոմպիան, Փարակուայը, Փերուն, Եւրամիութեան մի քանի երկիրներ, այլ պետութիւններ, ինչպէս նաեւ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութիւնը:
Նախագահ Նիքոլաս Մատուրօն սա որակած է Ուաշինկթընի կազմակերպած պետական յեղաշրջում եւ յայտարարած ԱՄՆ-ի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու մասին:
Յաջակցութիւն Մատուրոյի հանդէս եկած են Ռուսիան, Պոլիվիան, Իրանը, Քուպան, Նիգարակուան, Սալվատորը եւ Թուրքիան: Պելառուսը եւ Չինաստանը կոչ ըրած են բոլոր հակասութիւնները լուծելու խաղաղ ճամբով եւ դէմ արտայայտուած են արտաքին միջամտութեան, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը յորդորած է երկխօսութիւն սկսիլ ճգնաժամը լուծելու համար, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:






