Ձախէն՝-Օրդ.-Անժէլ-Ճանճանեան-սոյն-տողերուն-հեղինակը-եւ-Օրդ.-Ազատուհի-Գայսէրլեան
ԱՆԺԷԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ
ԶԱՐԹՕՆՔ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ, ՊԷՅՐՈՒԹ – Ասկէ 40 օր առաջ լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իր ընտրելագոյն զաւակներէն մէկը` Անժէլ Ճանճանեանը։
Արդարեւ, անոր կորուստը համագաղութային էր այն իմաստով, որ ան 44 տարի, իր կեանքին ամէնէն ծաղկուն ու արդիւնաւէտ տարիները ի սպաս դրած էր հայ պատանիներու կրթութեան գործին։ Մահը բոլորիս համար է, եւ մենք պիտի վճարենք անոր ուշ կամ կանուխ, բայց երբ ան կ’այցելէ անընդունելի պայմաններու մէջ, ափսոսանք կը յառաջացնէ մեր հոգիին մէջ։ Անժէլը արժանի էր աւելի հանգիստ վայելելու իր կեանքի յառաջացած տարիները, որովհետեւ ծանր եղած էր կրթական աշխատանքին մէջ իր բեռը, բայց Աստուած զլացաւ իրեն այդ հանգիստը, ու մէկը միւսին յաջորդող ֆիզիքական տկարութիւններու պատճառով ցաւագին դարձան իր օրերը։
Դարուհի Յակոբեանի մէջ իմ ուսուցչական աշխատանքս սկսաւ օրդ. Ճանճանեանին տնօրէնութեան հետ։ Առաջին իսկ օրէն մեր միջեւ հաստատուեցան հասկացողութեան այնպիսի կապեր, որոնք փոխակերպուեցան կրթական արդիւնաւէտ աշխատանքի։ Մեր օրինակելի գործակցութեան շնորհիւ` մեծ շուքով կազմակերպեցինք Դարուհի Յակոբեանի քառասնամեակի միջոցառումները։ Այդ միջոցառումները առիթ եղան համախմբելու բոլոր շրջանաւարտները, որոնք անկասկած ունեցան հպարտութիւնը ՀԲԸՄիութեան սան եղած ըլլալու։ Անխոնջ աշխատանքի ու հոգեկան բաւարարութեան օրեր էին, ուր կարելի եղաւ նաեւ գոյացնել ոչ արհամարհելի գումար մը` ի նպաստ միութեան կրթական կարիքներուն։ Չմոռնանք թուականը` 1978-79-80 տարիներն են, երբ մենք լքած ենք մեր մայր վարժարանի շէնքը եւ դարձած ենք գաղթականի պայմաններուն մէջ գոյատեւող դպրոց։ Անժէլ Ճանճանեանը ունէր կազմակերպչական այնպիսի կարողութիւն, այնպիսի բծախնդրութիւն, այնպիսի ճաշակ, որուն նմանը ես չեմ տեսած ուրիշ ոեւէ մէկուն մօտ։ Ինչու չէ` նաեւ սորված եմ իրմէ։ Իրեն համար գոյութիւն ունէին երեք անհրաժեշտութիւններ, որոնք պէտք էր բծախնդրօրէն նկատի առնուէին։
Կրթական գործի ընթացքին։ Անոնցմէ առաջինը, բնականաբար, աշակերտներու մտային պատրաստութիւնն էր, չէր գոհանար տկար կամ միջակ արդիւնքներով, որովհետեւ ինք եղած էր իր վարած դպրոցին փայլուն աշակերտներէն մէկը։ Չափանիշերը բարձր էին իրեն համար, ու անընդհատ կը ձգտէր աշակերտները հասցնել բարձր նշաձողերու: Երկրորդ ամէնէն կարեւոր անհրաժեշտութիւնը մեր պատանիներուն հայեցի նկարագրով դաստիարակութիւնն էր։ Մնայուն կերպով մտահոգութիւնը ունէր մեր ժողովուրդին մօտ նկատուող ազգային արժէքներու նահանջին, ուստի մեր բոլոր կարողութիւններով ու միջոցներով պայքար բացած էր այդ նահանջին դէմ։ Չմոռնամ ըսելու, որ ան զաւակն էր 1931-ին Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շրջանաւարտներէն Երանուհի Օթճեանին, որուն շունչին տակ կրթուած էր որպէս օրինակելի հայուհի։ Մայրական կապը այնքան զօրաւոր էր իր մէջ, որ տարիներու ընթացքին եւս իր մէջ հաստատեցի մելգոնեանցիութիւն մը, այսինքն` գիտակցութիւնը բոլոր այն արժէքներուն, որոնցմով բախտաւորուեցանք մենք այդ սիրելի վարժարանին մէջ։
Երրորդ կարեւոր արժէքը օրդ. Ճանճանեանին համար ընտանեկան արժէքներն էին, մարդկային անաղարտ կապերը, բոլոր այն սրբութիւնները, որոնցմով անսասան կը մնայ հայ ընտանիքը ու հետեւաբար հայ կեանքը։ Իրեն համար սրբութիւն էր հայ ընտանիքը, ու այնտեղ կատարուող իրադարձութիւնները մեծ մտահոգութիւն կը դառնային իրեն համար, իսկ ձեռքբերումները` անխառն հպարտութեան առիթ։ Մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը ապրեցաւ հայօրէն, ապրեցաւ բծախնդրօրէն՝ կատարելով իր ազգային բոլոր պարտականութիւնները։ Ի ծնէ մանկավարժ էր, ապրեցաւ իբրեւ մանկավարժ` ի գործ դնելով իր ամբողջ հմտութիւնը, ու մահացաւ, երբ դեռ մանկավարժի այդ ջիղը կը յամենար իր մէջ։
Անժէլ Ճանճանեանը չունեցաւ իր ընտանիքը, իր զաւակները, որոնց շուքին տակ ապրէր իր կեանքի վերջին դժուար օրերը։ Բայց իր մահուան առիթով աշխարհի բոլոր կողմերէն հնչող ցաւակցական գիրերը ապացոյց էին այն սիրոյն, որուն արժանացած էր իր աշակերտներուն կողմէ։ Ան արժանի էր կեանքի ամբողջական երջանկութեան, իսկ ասպարէզէն հեռանելէն ետք ալ` սրտացաւ վերաբերումի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք օր մը օգտուած էին իր բարեմասնութիւններէն։ «Անմետալ մետալակիրը» ըսուեցաւ իր մասին։ Պահ մը դիտենք մեր շուրջը, տեսնենք մետալազարդ կուրծքերը բոլոր անոնց որոնք իր վաստակին կէսն իսկ չունեցան։ Անժէլ Ճանճանեանը ամէնէն արժանին էր բոլոր արժանաւորներուն մէջ, իսկ իր մտքի փայլով կը մնար գերադաս բոլոր անոնցմէ, որոնք ցաւցուցին զինք։






