Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Յիշատակդ Անմեռ, Սիրելի՛ Ուսուցչուհի

Դարուհի Յակոբեան Վարժարանի խումբ մը աշակերտուհիներ այս տողերուն հեղինակը ներառեալ –  Պէյթ Էլ Տինի պտոյտին – 1964 –

ՅԱՍՄԻԿ ՍԱՆՈՍԵԱՆ ԹԵՄԻԶԵԱՆ

ԶԱՐԹՕՆՔ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ, ՊԷՅՐՈՒԹ – Կը հաւատա՞ք, երբ ըսեմ, որ արդէն երկու զաւակի մայր` տարիներով երազներուս մէջ կը տեսնէի դպրոցս` Դարուհի Յակոբեանը, ուսուցիչներս ու դասընկերուհիներս, եւ երբ արթննայի, կարօտախտէս բարձս թրջած կը գտնէի։

Օրինակելի ու անզուգական ուսուցչական կազմէն էր օրիորդ Անժէլ Ճանճանեանը, որ բծախնդրօրէն մեզի կը դասաւանդէր թուաբանութիւն, հանրահաշիւ եւ երկրաչափութիւն` բոլորը անգլերէն լեզուով։

Ան միայն դասաւանդութեամբ չէր սահմանափակեր իր աշխատանքը դպրոցէն ներս։ Ինքնակամ նուիրուածութեամբ կը հետեւէր դպրոցին կարգապահութեան, մեր` դպրոցականի վայել արտաքին արդուզարդին, հագուածքին ու վարքին։

Զբօսանքներուն երբեմն կը միանար մեզի` զրուցելու կամ զբօսանքի ժամանակ ընտրած մեր խաղերուն մաս կազմելու եւ հաւանաբար հսկելու մտադրութեամբ, ինչ որ անհրաժեշտ է դպրոցի մը համար։

Երախտագիտութեամբ կը յիշեմ արուեստի նուիրուած իր միջոցառումները, կէսօրուան երկար դադարի իր ժամը տրամադրելը, իր կազմած երաժշտական յանձնախումբին համար դասական երաժշտութեան ձայնապնակները ունկնդրելը` տուեալ գործին մասին տեղեկութիւններ տալով մեզի։ Երբեմն ամբողջ աշակերտութեան կը ցուցադրէր վաւերագրական կամ գեղարուեստական ֆիլմեր։

Ինչպէս շատ մը աշակերտներ, որոնք կապկելու շնորհքը ունեցած են եւ ուրիշներու շարքին կապկած են նաեւ իրենց ուսուցիչները, ես ալ այդ մէկը փորձած եմ դպրոցական շրջանիս։

Օր մը, երբ տակաւին օրիորդ Ճանճանեանը դասարան չէր մտած, ես, գրատախտակին մօտենալով, կաւիճը ձեռքիս սկսայ կապկել իր դասաւանդութեան եղանակը` ի՛ր ձայնով։ Տարուած իմ «թատերական» փորձով` չեմ նկատած օրիորդ Ճանճանեանի` դասարանէն ներս մտնելը եւ զիս լսելը։ Երբ անդրադարձայ, ակնկալեցի, որ զիս յանդիմանէ կամ պատժէ։ Ոչինչ ըրաւ այդ օրը։ Բայց երբ Նոր տարուան արձակուրդին համար արձակուելէ առաջ պիտի ունենայինք Կաղանդի դասարանային աւանդական յայտագիրը, օրիորդ Ճանճանեանը ինծի առաջարկեց մեր յայտագիրին մէջ ներառել նաեւ զինք կապկելը, երգով մասնակցութեանս կողքին, ինչ որ ցոյց կու տայ իր լայնախոհութիւնը եւ արուեստն ու շնորհները գնահատելու մշակուածութիւնը։

Դարուհի Յակոբեան Վարժարանի խումբ մը աշակերտուհիներով հեղինակը ներառեալ, ՀԲԸՄ Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահի մուտքին – Կեդրոնը ՀԲԸՄի վարժարաններու այլ տիտան մը՝ Պրն Արա Թօփճեան 

Տարիներ ետք նոյն դէպքը տեղի ունեցած է տարբեր շրջապատի մէջ եւ հանդիպած եմ հակառակ վերաբերմունքի։ Այդ շրջապատին մէջ մեծ մասամբ, բացի մի քանի մշակուածներէ եւ այնտեղ ապրող, ինծի ծանօթ բոլոր հայաստանցիներէն, իրաւունք տուած են այն անձին, որ վշտացած ու վիրաւորուած էր ինձմէ` զինք կապկած ըլլալուս պատճառով` կապկելը ծաղրանքի հոտ շփոթելով։

Կը յիշեմ նաեւ, որ երբ 30 Նոյեմբերի օր մը, նախորդ օրը դպրոցէն բացակայելէ ետք վերադարձայ դպրոց, օրիորդ Ճանճանեանը հարցուց, թէ բացակայութեանս պատճառը արդեօք հիւանդ ըլլա՞լս էր։

Առանց որեւէ մտավախութեան յայտնեցի, որ Նոյեմբեր 29-ը մեր հայրենիքի անկախութեան օրն էր, եւ այդ օրը նշելու համար էր դպրոցէն բացակայելուս պատճառը։ Ուսուցչուհիս միայն ժպտաց ու չպահանջեց բացակայութեանս պատճառը բացատրող երկտող մը ծնողքիս կողմէ, որ, ըստ դպրոցի օրէնքին, պէտք էր ներկայացնէի տնօրէնութեան։

Անցնող տարիներուն, երբ 38 տարի ետք վերադարձայ Լիբանան, միշտ կապի մէջ էի ուսուցչուհիիս հետ, եւ, ըստ իրեն, ես իրեն համար եղայ նախ աշակերտ, ապա սրտցաւ բարեկամուհի մը։

Ան կը տառապէր իր ուսուցչական վաստակին նկատմամբ եղած անիրաւութենէն եւ իր միութենական գործունէութեան թերագնահատումէն։

Կը տառապէր նաեւ առանձնութենէ։ Իր վաստակը վայելածներէն, ծանօթներէն ու բարեկամներէն կ’ակնկալէր այցելութիւն կամ նուազագոյնը հեռաձայնային կապ մը։ Սպասեց մինչեւ կեանքէն հեռանալը։

Յիշատակդ անմեռ, սիրելի՛ ուսուցչուհի։

Հեղինակը 1967-ի շրջանաւարտ է

ՀԲԸՄի Դարուհի Յակոբեան աղջկանց երկրորդական վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին