«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշխատանքային այցով Ռուսիոյ Դաշնութիւն գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի կեդրոնակայան, ուր զինք դիմաւորած է ԵՏՅ աշխատակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան:
ՀՀ վարչապետի գրասենեակին տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ Փաշինեան ԵՏՅ-ի մէջ հանդէս եկած է ելոյթով` 2019-ին ԵԱՏՄ-ի մէջ նախագահութիւնը Ռուսիայէն Հայաստանին անցնելուն առիթով:
Այնուհետեւ ԵՏՅ աշխատակազմի անդամները Նիկոլ Փաշինեանին ուղղած են տարբեր հարցեր, որոնք վերաբերած են ԵԱՏՄ ծիրէն ներս Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն, ԵԱՏՄ զարգացման:






