«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – 6 սիւննի հըզպալլայամէտ երեսփոխանները վերահաստատեցին յառաջիկայ կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու հետ կապուած ձգտումին լիովին կառչած մնալու իրենց հակուածութիւնը:
Յիշեալ 6 երեսփոխաններէն մէկը՝ Ժիհատ Ալ Սամատը, Թրիփոլիի իր նստավայրին մէջ հըզպալլայամէտներու հանդիպումին հանդէս եկաւ հեռուստատեսային յայտարարութեամբ՝ կապուած իրենց դիրքորոշումին:
Նշենք, որ Հըզպալլա կուսակցութիւնը անցնող տարուան Հոկտեմբեր ամիսէն կը շարունակէ խոչընդոտել վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի՝ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղի վերացնելու ուղղութեամբ ներդրած ջանքերը՝ յամառ մնալով վարչապետի պաշտօնակատարի Մուսթաքպալ շարժումէն դուրս սիւննի երեսփոխաններուն ներկայացուցչութիւն ընձեռելու պահանջին վրայ:
Թէեւ նախագահ Միշէլ Աուն սկիզբը մերժեց վերոյիշեալ պահանջը, սակայն այնուհետեւ ընդունեց իր բաժնեմասէն նախարարական աթոռ մը յատկացնել վեց երեսփոխաններէն մէկուն: Այնուամենայնիւ, անոնք մերժեցին նախագահ Միշէլ Աունի առաջարկը:
«Մենք միայն կ’ընդունինք այն պարագան, երբ նախարար մը մեզ պիտի ներկայացնէ բացառապէս»,- ըսաւ Սամատ:






