Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Teen Guide (Պարմանուհիին Ուղեցոյցը)

Ձախէն՝ Օրդ. Ճանճանեան, Ռիթա Նազարեան եւ տողերուն հեղինակը – 1989 –

ԹԱԼԻՆ ՃԱՊՈՒՐԵԱՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԶԱՐԹՕՆՔ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ, ՊԷՅՐՈՒԹ –Նուիրեալ եւ վաստակաւոր  դաստիարակ, տնօրէնուհի եւ ուսուցչուհի մըն էր Օրդ. Անժէլ Ճանճանեանը: Անուն մը, որուն հետ անմիջականօրէն կապուած էր, իր` մեզի դասաւանդած դասանիւթը՝ Teen Guide (Պարմանուհիին Ուղեցոյցը) եւ նոյնանալով անոր հետ ու կարծէք մարմնաւորելով իր դասաւանդածը, ան դարձած էր մեր՝ իր աշակերտուհիներուն կենդանի եւ իսկական ուղեցոյց անձը, խորհրդատուն ու պարմանուհիներուս «խոստովանամայրը»:

Իր՝ մեծ քրոջ  հեզահամբոյր ժպիտը ու մայրական ներողամիտ մօտեցումը մեզի՝ կեանքին տակաւին նոր բացուող աշակերտուհիներուս,  խորունկ ազդեցութիւն ձգեցին  յետագայ տարիներուն մեր նկարագրին ու կենցաղին վրայ իբրեւ բարիին ձգտող անձեր ու հոգատար մայրեր:

Օրդ. Ճանճանեան, որուն յուղարկաւորութիւնը կայացաւ քառասուն օրեր առաջ իր երբեմնի աշակերտներուն՝ մեզի համար դարձաւ անցեալի մեր լաւ ու անմեղ օրերը յուշող սիրելի ու անթառամ յիշատակ մը։

Հողը թեթեւ գայ յոգնաբեկ մարմինիդ վրայ սիրելի ու անմոռանալի մեր տնօրէնուհին:

Պէյրութ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին