Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Օրդ. Անժէլ Ճանճանեան՝ Ուսուցչուհի Եւ Տնօրէնուհի Աւելի Քան Երկու Սերունդի

Մայրս՝ Ծովիկ Կեցոյեան-Թորոսեան, նկարուած օրդ. Ճանճանեանին հետ ՀԲԸՄ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանի բակը, 1981

ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

ԶԱՐԹՕՆՔ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ, ՊԷՅՐՈՒԹ –1990-ականներու վերջը ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանը յաճախած շրջանիս, ճանչցայ օրդ. Անժէլ Ճանճանեանը իր տնօրէնուհիի հանգամանքով: Հետագային յաճախ բարեկամներու հետ հանդիպումի ընթացքին կը վերյիշէինք Կարմիրեան վարժարանէն ներս անցուցած մեր մանկութեան օրերը: Բոլոր միւս ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն կողքին նաեւ մեծ ուրախութեամբ կը յիշէինք օրդ. Ճանճանեանին ժպտուն երեսը, հանդարտ բնաւորութիւնը եւ լայն հոգին:

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Ծաղիկ դասարանի վկայականի բաշխում, 1999

Երբ առաջին եւ երկրորդ դասարանի աշակերտներ էինք, ամէն առաւօտ անհամբեր կը սպասէինք իր ժամանումին՝ «բարի լոյս» ըսելու զինք, նախքան իր գրասենեակ բարձրանալը: Կարմիրեան յաճախելէս կարճ ժամանակ ետք, արդէն հանգստեան կոչուեցաւ օրդ. Ճանճանեան, որուն հետեւանքով կարելի չեղաւ աւելի մօտէն ճանչնալ զինք: Իր դասաւանդութեան կերպին եւ բնաւորութեան մասին աւելի մանրամասն իմացայ հետագային մօրմէս, որ 1980-ականներու սկիզբը նաեւ յաճախած էր ՀԲԸՄ Դարուհի Յակոբեան աղջկանց վարժարանը:

Մայրս կը վկայէ, որ օրդ. Ճանճանեան յաճախ կը քաջալերէր ինքնավստահ ըլլալ եւ շուտով չազդուիլ ուրիշներու խօսքերէն: Իր մանկավարժական լայն փորձառութեան շնորհիւ՝ նախ որպէս ուսուցչուհի եւ ապա տնօրէնուհի՝ օրդ. Ճանճանեան մօտէն կը հասկնար աշակերտին հոգեկան վիճակը, կը հետաքրքրուէր անոր դիմագրաւած դժուարութիւններով եւ ըստ այնմ դարմաններ կ’որոնէր: Մայրս նաեւ կը վկայէ, որ իր պաշտօնավարած վարժարանները օրդ. Ճանճանեան կը նկատէր իր երկրորդ տունը եւ հետեւաբար կ’աշխատէր անոնց վերելքին համար եւ լաւապէս գիտէր ծնողներ սիրաշահիլ: Օրինակ՝ ինչպէս մայրս կը յիշէ, օրդ. Ճանճանեանին անմիջական քաջալերանքով էր, որ զիս արձանագրած էր Կարմիրեան վարժարանը:

Այսպէս, օրդ. Ճանճանեան երկու սերունդէ աւելի դաստիարակած նուիրեալ կրթական մշակ մըն էր:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին