Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Վերականգնենք Հայ Ուսուցիչին Արժանապատուութիւնը

Դարուհի-Յակոբեանի-Հունձքը-1983

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

ԶԱՐԹՕՆՔ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ, ՊԷՅՐՈՒԹ – Քառասուն օրեր առաջ իմացայ մահուան գոյժը օրիորդ Անժէլ Ճանճանեանին՝ հայ ուսուցչուհիի մը, որ սերունդներ դաստիարակած էր որպէս թուաբանութեան դասատու, նաեւ որպէս ՀԲԸՄիութեան Պէյրութի Դարուհի Յակոբեան աղջիկներու երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի:  1983-ին ես ալ իր աշակերտներէն մէկն էի, որովհետեւ Յովակիմեան Մանուկեան տղոց երկրորդական վարժարանը եւ Դարուհի Յակոբեանը միացած էին այդ տարիներուն:

Ճշդապահ եւ բծախնդիր անձ մըն էր օրիորդ Ճանճանեանը: Ճշդապահութիւնը առած էր իր դասաւանդած նիւթէն՝ թուաբանութենէն: Ըլլալով հայ ուսուցչուհի՝ ան կը փորձէր  դասարանին մեծամասնութեան հասանելի դառնալ՝ նիւթը մատչելի եւ հասկնալի դարձնելով:  Ան կանուխ տարիքէն ընտրած էր այս ասպարէզը, եւ բոլորս կը զգայինք իր կարող անձ մը ըլլալը: Մեր աւարտելէն ետք՝ 1985-ին, ըլլալով ՀԵԸ-ի խմբապետ եւ մարզական պատասխանատու՝ յաճախ վարժարան կ’այցելէի եւ միշտ խնդումերես կը դիմաւորէր զիս ու կը քաջալերէր իմ կատարած գործունէութիւնս: Անձ մըն էր, որ իր կատարած գործին հանդէպ ունէր մեծ հաւատք: Այդ հաւատքն է որ ներկայիս կը պակսի շատ մը մանկավարժներուն՝ նիւթական եւ բարոյական պատճառներով:

Նիւթական կ’ըսեմ, որովհետեւ ներկայիս նիւթական վարձատրութիւնն է որ կը փնտռուի ամէն բանէ առաջ՝ նկատի առնելով աշխարհի թեքումը դէպի նիւթ եւ վարձատրութիւն: Եթէ լաւ չվարձատրեն, շատ մը ուսուցիչներ  պատրաստ չեն լաւ ձեւով դասաւանդելու, այն տրամաբանութեամբ, որ որքան կը վարձատրեն, այնքան ալ ես կու տամ: Հակառակ պարագային, կը բացատրեմ ու կ’անցնիմ: Հասկցողը թող հասկնայ, իսկ չհասկցողը թող ուրիշին հարցնէ: Անցեալին ուսուցիչներ նիւթէն աւելի հետաքրքրուած էին լաւ հայ մարդ պատրաստելով, որովհետեւ, ըլլալով տարագրութեան երկրորդ սերունդի անդամներ, շատ լաւ կը հասկնային այդ զոհողութեան արժէքը: Կոչումի տէր մարդիկ էին, քիչով գոհացող:

Բարոյական կ’ըսեմ, որովհետեւ, ցաւ ի սիրտ, ներկայիս կան ազգային մարմիններ եւ միութիւններ, որոնք շատ ապերախտ գտնուեցան հայ ուսուցիչին հանդէպ: Վերջին տարիներուն, մի քանի առիթներով, եկեղեցական կամ միութենական առաջնորդներու գովասանական խօսքերը հայ ուսուցիչին հանդէպ խօսքէն գործի չվերածուեցան: Հակառակը՝ կարգ մը ազգային եւ միութենական վարժարաններու միացման առիթով տասնեակ մը հայ ուսուցիչներ լքուեցան իրենց բախտին՝ առանց որեւէ գնահատական նամակի կամ հանդիսութեան: Հայ ուսուցիչը, որ ցարդ ինքզինք պաշտպանուած կը զգար իր ազգի ղեկավարներէն, զգաց առանձնութեան ցաւը: Ազգը երես դարձուցած էր իրմէ ու զինք ձգած էր փոքր գումարով մը, որ հազիւ քանի մը տարի կը բաւէր իր ապրուստը հոգալու համար: Այս լաւ օրինակ չէր կրնար ծառայել նոր սերունդին, որոնցմէ շա՜տ քիչեր կ’ընտրեն ուսուցչական ասպարէզը յայտնի պատճառներով:

Այսպիսի ճիչ մը արձակեց օրիորդ Ճանճանեան, երբ իրեն հանդիպեցայ տարի մը առաջ՝ իր համակարգիչը նորոգելու համար: Այնպէս ուրախ էր, որ ես իմ անձնական գրասենեակս ունիմ ու հասած եմ իր մօտ իրեն ալ օգնելու: Նոյն աշխոյժ օրիորդ Անժէլն էր, միշտ խօսուն ու հարցումները պատրաստ: Հարցուց միութենական կեանքին մասին ու յայտնեց իր յուսախաբութիւնը: Այդ տարիներուն ուզած էր շարունակել իր կարելին կատարել հայ ուսանողին համար որպէս միացեալ երկրորդական վարժարանի տնօրէն, սակայն զինք նշանակած էին Անթիլիասի միջնակարգ վարժարանին տնօրէն: Այն ատեն շատ յուզուած էր, որ իր տարիներու զոհողութիւնը այդպէս ալ չէր վարձատրուած արդարօրէն:

Վերջին հանդիպումիս, մօտ ութ ամիսներ առաջ, զգացի, որ յիշողութիւնը սկսած էր տեղի տալ՝ կը կրկնէր նոյն հարցումները, սակայն տակաւին ոտքի վրայ էր եւ շատ աշխոյժ էր: Այդ զինք տեսնելս վերջինը պիտի ըլլար… Այդպէս հրաժեշտ տուինք նուիրեալ հայ ուսուցիչի մը: Ուսուցիչ, որ կը յիշեցնէր մեր հողէն եկած առաջին սերունդի ուսուցիչները: Այն մարդիկ, որոնց համար ուսուցչութիւնը սրբազան գործ էր եւ իրենք հայկական մշակոյթի մեհեանին քուրմերն էին: Իրենք էին, որոնք պիտի պահէին մեր ժողովուրդի առաքինութիւնները՝ զանոնք վառ պահելով նոր սերունդին մէջ: Ազգասիրութիւն, եղբայրասիրութիւն, յարգանք օտարին հանդէպ, մշակութային արժէքներու հանդէպ գուրգուրանք… Ո՞ւր ենք մենք այսօր այդ ամէնէն: Ո՞վ պիտի սորվեցնէ մեր գալիք սերունդներուն այդ արժանիքները: Թէ ոչ մենք ալ պիտի միանանք այն միջազգային խառնամբոխին, որ չունի ազգ ու կրօն: Կը պատկանի բոլորին ու մաս կը կազմէ համաշխարհային շինծու ընտանիքին, որ կ’ապրի ուտելու, խմելու եւ վայելելու համար, այսինքն՝ որպէս մարդկային մեքենայ: Մեքենայ, որ հլու հնազանդ գործիք է՝ առանց զգացումի, առանց մտածելու: Մեքենայ, որ կը տեսնէ մարդոց թշուառութիւնը եւ տառապանքը ու կ’անցնի՝ առանց խղճմտանքի, առանց օգնութեան ձեռք երկարելու: Մեքենայ, որ կ’ապրի ուտելու եւ վայելելու համար:

Ժամն է այլեւս ահազանգ հնչեցնելու եւ մարդիկ սթափեցնելու: Հայ դպրոցին գահավիժումը հասած է վտանգաւոր տեղ: Ալ երթալու տեղ չմնաց: Ե՞րբ պիտի արթննանք ազգովին, մեր բոլոր կառոյցներով, ու հայ դպրոցին վերադարձնենք իր նախկին փայլքը, տաքութիւնը: Այն հուրը, որուն համար պայքարեցան մեր նախնիները, եւ մենք ամենայն պաղարիւնութեամբ կը փակենք հայ վարժարաններու դռներ: Ե՞րբ պիտի արթննանք եւ զգանք, որ հայ դպրոցն է հայը հայ պահողը: Անցնինք խօսքէն անդին եւ անցնինք գործի: Հայ դպրոցը պիզնես չէ, որ երբ վնաս ընէ, փակենք: Ան մեր ազգին մշակութային դրամագլուխն է: Ալ կը բաւէ երթանք Արեւմուտքի ապազգային եւ կործանիչ փիլիսոփայութեան ետեւէն: Վերադարձնենք յոյսը օրիորդ Ճանճանեանի նման ուսուցիչներուն, անոնց տանք իրենց կոչումը ապրելու առիթը: Հայ ուսուցիչը չվերածենք նպաստ ստացող անկեալի, այլ անոր տանք առիթը ապրելու արժանապատիւ կեանք մը: Օրիորդ ճանճանեան այդ երազով ալ մեկնեցաւ այս անցաւոր աշխարհէն…:

Պէյրութ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին