Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Վենեզուելայի Ընդդիմութեան Առաջնորդը Յառաջիկայ Ժամերը Վճռորոշ Համարած Է Երկրին Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Վենեզուելայի ընդդիմութեան առաջնորդ Խուան Կուայտօն յայտարարած է, որ յառաջիկայ ժամերը վճռորոշ կ’ըլլան երկրին համար, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
«Յառաջիկայ ժամերը վճռորոշ պիտի ըլլան: Մի՛ լքէք զիս, որովհետեւ ես կեանքս կու տամ, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, յանուն իմ սիրելի Վենեզուելայի ազատութեան»,- Կուայտոյի խօսքը մէջբերած է «Նասիոնալ» թերթը:
Իր կարծիքով՝ Վենեզուելայի գործող կառավարութիւնը «պառակտուած է, ինչպէս երբեք»: «Ոչ մէկ բան կը կատարուի  պատահականօրէն, վստահեցէ՛ք մեր գործողութիւններուն»,- յաւելած է ան:
Յունուար 23-ին Վենեզուելայի Ազգային ժողովի (միապալատ խորհրդարանի) ընդդիմադիր նախագահ Խուան Կուայտօն ինքզինք յայտարարած է երկրի նախագահի պաշտօնակատար: Քաղաքական գործչիը արդէն Վենեզուելայի ժամանակաւոր ղեկավար ճանչցած ԱՄՆ-ը, Գանատան, Արժանթինը, Պրազիլը, Չիլին, Գոլոմպիան, Փարակուայը, Փերուն, Եւրամիութեան մի քանի երկիրներ, այլ պետութիւններ, ինչպէս նաեւ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութիւնը: 
Նախագահ Նիքոլաս Մատուրօն սա որակած է Ուաշինկթընի կազմակերպած պետական յեղաշրջում եւ յայտարարած ԱՄՆ-ի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու մասին: 
Յաջակցութիւն Մատուրոյի հանդէս եկած են Ռուսիան, Պոլիվիան, Իրանը, Քուպան, Նիգարակուան, Սալվատորը եւ Թուրքիան: Պելառուսը եւ Չինաստանը կոչ ըրած են բոլոր հակասութիւնները լուծելու խաղաղ ճամբով եւ դէմ արտայայտուած են արտաքին միջամտութեան, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը յորդորած է երկխօսութիւն սկսիլ ճգնաժամը լուծելու համար, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին