Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Մոսկուայի Մէջ Կայացած է Փաշինեան-Մետվետեւ Հանդիպումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Յունուար 25-ին, հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան կառավարութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:

Երկու երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները քննարկած են հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն առնչուող օրակարգային շարք մը հարցեր, որոնք վերաբերած են առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային ոլորտներու մէջ երկկողմ համագործակցութեան եւ տարբեր ուղղութիւններով համատեղ ծրագիրներուն:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետները կարեւոր համարած են առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու շարունակական աճը եւ վստահութիւն յայտնած, որ երկու երկիրներու կառավարութիւններու շարունակական ջանքերուն իբրեւ արդիւնք՝ անիկա նոր թափ պիտի ստանայ:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Տմիթրի Մետվետեւ անդրադարձած են նաեւ հայ-ռուսական փոխգործակցութեան այլ կէտերու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին