Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ԵՄ-ի Մէջ Հաւանութիւն Տուին Երեխան Ծնելէ Ետք Հայրերուն Պարտադիր Արձակուրդ Տրամադրելու Գաղափարին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եւրախորհրդարանը (ԵԽ) եւ Եւրամիութեան խորհուրդը նախնական կարգով հաւանութիւն տուած են Եւրայանձնաժողովի առաջարկին, որով կը նախատեսուի ԵՄ-ի անդամ երկիրներուն մէջ հայրերուն համար առնուազն տասը աշխատանքային օր ժամկէտով միանգամեայ պարտադիր արձակուրդ սահմանել նորածինները խնամելու համար: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, «ՌԻԱ նովոսթի»-ն յայտնած են ԵԽ-ի մամուլի ծառայութեան մէջ: Գործակալութեան զրուցակիցին խօսքով՝ ԵՄ-ի նոր օրէնսդրութեան նախագիծը կոչուած է «խրախուսելու տղամարդկանց պարտականութիւններուն աւելի հաւասար բաժինով մասնակցիլ նորածին երեխաներու խնամքին»:

Երեխան ծնելէ ետք հօր արձակուրդը օրինականացուած է ԵՄ-ի անդամ երկիրներու մեծ մասին մէջ՝ բացառութեամբ Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Խորուաթիայի, Կիպրոսի, Չեխիոյ, Լիւքսեմպուրկի եւ Սլովաքիոյ, բայց անոր տեւողութիւնը եւ անոր հետ կապուած նպաստի չափը տարբեր են: Եւրայանձնաժողովի առաջարկին համաձայն՝ նորածիններու հայրերը զանոնք խնամելու համար տրամադրուած արձակուրդի ժամանակ պէտք է ստանան նպաստներ, որոնք համարժէք կ’ըլլան կամ կը գերազանցեն ժամանակաւոր անաշխատունակութեան պարագային տրուող վճարումներու չափը, հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին