Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Փոխան Խմբագրականի. Իր Համեստութեամբ Մեծ Նուիրեալ Մը. Անժէլ Ճանճանեան

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

ԶԱՐԹՕՆՔ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ, ՊԷՅՐՈՒԹ – Ուսուցչութիւնը միայն մասնագիտութիւն չէ, այլ ինքնին ապրելակերպ մը, կիրք մը, խանդավառութիւն մը: Կարելի է անվարան ըսել, որ աշակերտի մը ուսումնական նուաճումներուն վրայ ուսուցիչի մը ներգործութիւնը կամ դերակատարութիւնը 2-3 անգամ աւելի է, քան դպրոցին առնչուող միւս ազդակներունը: Եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք մեր դպրոցական երանելի օրերուն, անպայման պիտի յիշենք այն ուսուցիչը, որ մեզ միշտ խրախուսեց եւ ներշնչեց: Ազդեցիկ եւ կարող մանկավարժ մը դժուար թէ ջնջուի իր ուսանողներուն յիշողութենէն:

Իրենց ասպարէզին հանդէպ անչափ սէր ու նուիրուածութիւն ցուցաբերող ուսուցիչները կտրականապէս կը զանազանուին իրենց աշակերտներուն ձեռքբերումներուն մէջ ունեցած դերակատարութեամբ:Լաւ դասաւանդելու կարեւոր ազդակներէն է նուիրուածութիւնը: Իրենց առաքելութեան ամրօրէն կառչած դասատուներ մշտապէս մտահոգ են իրենց աշակերտներուն յառաջընթացով: Անոնք ամէն գնով կ’աշխատին, որ աշակերտները լրջօրէն վերաբերին իրենց դասերուն եւ հետամուտ ըլլան ըստ կարելւոյն գիտելիքներ ամբարելու: Նմանօրինակ կրթական մշակներ միշտ կը ձգտին իրենց պատասխանատուութիւնները լիովին կատարելու աշակերտութեան հանդէպ: Այն ուսուցիչները, որ յանձնառու են իրենց առաքելութեան, նշանակելի դերակատարութիւն կ’ունենան իրենց աշակերտներուն յառաջընթացին մէջ:

Վերոյիշեալ սահմանումին կենդանի օրինակն էր օրդ. Անժէլ Ճանճանեան, զոր կը վկայեմ իրեն աշակերտելու եւ զինքը ճանչնալու բախտին արժանացած ատենի աշակերտի իմ հանգամանքով:

Անժել Ճանճանեան ծնած է 17 Դեկտեմբեր 1937-ին: Հօր անունը՝ Արմենակ, մօր անունը՝ Երանուհի: Աւարտելէ ետք ՀԲԸՄ Դարուհի Յակոբեան աղջկանց վարժարանը, թուաբանութեան մէջ պսակաւոր արուեստից վկայանը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն  ստացած է 31 Յունիս 1958-ին, իսկ 21 Յունիս 1971-ին՝ մագիստրոսը՝ մանկավարժութեան մէջ: Աւելի ուշ Հարվըրտ համալսարանին մէջ հետեւած է «Տնօրէնութեան արհեստն ու արուեստը» տնօրէններու համար նախատեսուած յատուկ դասընթացքներուն:

Համալսարանական իր առաջին վկայումէն անմիջապէս ետք վերադարձած է իր հոգեհարազատ Դարուհի Յակոբեան վարժարանը, ուր ան երկար տարիներ ծառայած է, նախ որպէս ուսուցչուհի, ապա տնօրէնուհի: Իր ասպարէզի վերջին տարիներուն ան որպէս տնօրէնուհի ծառայած է ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեանին վարժարանին:

Դիւրին չէին բնաւ օրդ. Ճանճանեանի պատասխանատուութիւն ստանձնած տարիները: Ան իր ազնիւ ժպիտով եւ համբերատար նկարագրով կրցած է դիմագրաւել անկարելին եւ կարելին:

Հակառակ իր բազմազբաղութեան՝ ան ժամանակը գտած էր իր ազգին ծառայելու  նաեւ իր պատկանած մեծ Միութեան, ինչպէս նաեւ ՀԵԸ-ի եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան միջոցաւ:

Ակադեմական եւ նկարագրային բարձր արժանիքներով օժտուած այս հայուհին արժանի է ամէն տեսակ գնահատանքի: Անոր ձգած աւանդը անզուգական է, որովհետեւ ան իր ետին նիւթական արժէքներ չէ անպայման, որ ձգեց, այլ մարդկային, որ կը դրսեւորուի իր հարիւրաւոր աշակերտներու յաջողութեամբ ու որպէս մարդ ունեցած արժանիքներով:

Բազմավաստակ կրթական մշակ, նուիրեալ մանկավարժ, ուսուցչուհի եւ տնօրէնուհի, լիբանանահայ կրթական ասպարէզի երկարամեայ անձնդիր անհատականութիւն հանդիսացող հանգուցեալ օրդ. Անժէլ Ճանճանեանի վաստակին անդրադարձող  «Զարթօնք»-ի այս յաւելուածը նուազագոյնն է, որ կարելի էր մատուցել՝ գէթ յետմահու պատուելու արժանաւորը՝ գրաւոր յիշատակ մը ձգելով այս օրինակելի անձնաւորութան մասին:

Երախտապարտ ենք, որ մեր կոչին ընդառաջելով մեզի իրենց գրութիւններով նպաստեցին օր. Ճանճանեանի բարեկամ, լծակից, աշակերտ, ուսուցիչ կամ պաշտօնակից, որ ճանչցան զինք ու գործեցին իրեն հետ: Այս համեստ յաւելուածը փոքրիկ փունջ մըն է յուշերու, վերլուծական տողերու, մանրապատումներու եւ նկարագրական տողերու, որոնց միջոցաւ անոնք իրենց սրտի գրաւոր խօսքը ըսին սերունդներու առողջ դաստիարակութեան նախանձախնդիր այս հայուհիին մասին:

Վստահ ենք, որ, իր կարգին, իր պատկանած մեծ Միութիւնը պիտի չզլանայ աւելի ազդու եւ մնայուն միջոցով մը յաւերժացնելու իր համեստութեամբ մեծ այս նուիրեալին խնկելի յիշատակը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին