Ձախէն՝-Օրդ.-Անժէլ-Ճանճանեան-Տիկ.-Նուարդ-Տարագճեան
ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
ԶԱՐԹՕՆՔ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ, ՊԷՅՐՈՒԹ – Ճառագայթող պայծառ դէմք մը հանգիստ ժպիտի մը ցոլացումով, երիտասարդ սիրտ մը՝ հակառակ տարիներու ծանր վաստակին, որ կարծես այդ վաստակով առուգացած ու երիտասարդացած եւ կարծես տարիները չեն կրցած մարել անցեալի եռանդն ու կորովը, պահանջկոտ բնաւորութիւնը, որ իսկոյն աչքի կը զարնէ։ Իր դաստիարակութեան գործը, կոչումի ու անձնուիրութեան գործ է` պահելով ու զարգացնելով հայկական կրթական հաստատութիւնը։
Զինք ճանչցողներուն համար դժուար է հաւատալ, որ կեանք մտած իր նախկին աշակերտուհին էի ես։ Ան հայ ազգի սերունդներու կրթութեան անխոնջ վաստակաւորն է, որուն կրթական դաստիարակչական գործը կը տարածուի երեք տասնամեակներու վրայ, սկսած այն օրէն, երբ Դարուհի Յակոբեան վարժարանէն ներս ուսուցչական ասպարէզ կը մտնէ որպէս թեմատիկայի (գրահաշիւ), երկրաչափութեան եւ եռանկիւնաչափութեան ուսուցչուհի։
Եւ այդ օրերէն զինք կը յիշենք որպէս խստաբարոյ, բայց շատ ուղղամիտ, լաւ մասնագէտ ուսուցչուհի ու մանկավարժ։ Աւելորդ խօսք բնաւ չունէր, թուանշան դնելու մէջ շատ ժլատ, բայց լաւ աշակերտները գիտէր գնահատել։
Յունիսի արեւոտ առաւօտ մը կը հասնինք Կարմիրեան վարժարանի դրան առջեւ։ Հանդիսաւոր մթնոլորտի մը տպաւորութիւնը խիստ զգալի էր։ Դժուար չէր կռահել, թէ այդ օրը ծնողները կու գային ներկայ գտնուելու դպրոցական միջոցառումի մը։ Եւ այդ մէկը մեզի զգալ կու տար, որ յարմար օրը չէինք ընտրած մեր այցելութեան համար։
Վարանոտ քայլերս կ’արագացնեմ եւ բակի դուռէն ներս կը մտնենք։ Սանդուխներով կը բարձրանանք դէպի նախասրահը, որ երկար միջանցքով մեզ կը տանի դէպի տնօրէնուհիին` օրդ. Անժէլ Ճանճանեանին գրասենեակը։ Եւ ահա սիրալիր մեզ կ’ընդունի օրդ. Ա. Ճանճանեանը եւ անմիջապէս մեզ կ’առաջնորդէ առաջին յարկին վրայ գտնուող ցուցասրահը։ Հոն ուր ծնողները անհամբեր կը սպասէին տեսնելու իրենց զաւակներուն կատարած աշխատանքը։ Եւ ահա ցուցասրահէն կ’ուղղուինք դէպի հանդիսասրահ՝ այս անգամ ականատես ըլլալու մանկապարտէզի երեխաներուն խօսքին, երգի, պարի կատարողական ձիրքերուն ու կարողութիւններուն։
Բարեզարդուած բեմին վրայ գրուած էր օրուան նշանաբանը. «Հայրը ընտանիքին սիւնն է»։ Յայտագիրը կ’ընդգրկէր հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն արտասանութիւններ, երգեր ու պարեր։ Յայտագրի աւարտին, փոքրիկները բեմին վրայ կենդանի պատկերով կը ներկայացնեն օրուան պատգամը։
Ապա բեմ կը հրաւիրուի վարժարանի տնօրէնուհին` օրդ. Ա. Ճանճանեանը իր կրթական խօսքը ուղղելու ներկաներուն։ Տնօրէնուհիին խօսքը ճառախօսութենէ մը աւելի մտերմիկ զրոյց մըն էր ծնողներուն հետ, որ կը յայտնէր իր անվերապահ պատրաստակամութիւնը մտահոգութիւնններ կիսելու եւ գործակցաբար դիմագրաւելու կրթական-դաստիարակչական դժուարութիւնները։ Ան յատկապէս կը շեշտէ շռայլութեան գործած աւերը եւ կը մատնանշէ կարգ մը ծնողներու` օտար վարժարաններուն տուած նախապատուութիւնը, երբ հայ դպրոցը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը կարօտ են նեցուկի ու քաջալերանքի։
Արդարեւ, այդ օրը կարելի չէր անտարբեր մնալ, հոգիի մեծ լարումով ու ձեռնհասութեամբ տարուած աշխատանքին, բարոյական սրտառուչ խրատներուն ու խորհուրդներուն նկատմամբ՝ առանց սիրոյ եւ երախտագիտութեան յարգը եւ հարկը հատուցելու վաստակաշատ կրթական մշակին` օրդ. Անժէլ Ճանճանեանին։
Դաստիարակը, լսելով իր նախկին աշակերտին խօսքը, կը համոզուի, որ իր աշխատանքը ի զուր չէ անցած, եւ իրեն մտածել կու տայ, թէ ինք կրցեր է որեւէ կերպ օգտակար հանդիսանալ, ծիլ աճեցնել իր աշակերտին սրտին մէջ։
Իսկ աշակերտը իր կարգին կը հասնի այն համոզումին, որ օրն ի բուն մանկութեան ու պատանեկութեան հետ ապրող, ամէն կարգի ու վարքագիծի տէր երեխաներու դաստիարակութեամբ զբաղող մէկը պէտք է որ ունենայ մէկէ աւելի սիրտ, պէտք է ունենայ սիրտ մը, կը ճաճանչէ։
Սրտին Անհանգչելի Ցաւը
Այդ օրերուն, վերոյիշեալ, այստեղ յապաւումներով տրուած յօդուածին («Զարթօնք», 13 Յուլիս 1997) անմիջապէս կ’անդրադառնար օրդ. Անժէլ Ճանճանեանը՝ իր մտերմիկ նամակին մէջ յիշելով՝ «Ուրախութեամբ կարդացի ճան-ճիկեր յօդուածդ»։ Որքան ջերմութիւն ու հոգեկան բերկրանք կար խտացուած իր տողերուն մէջ «դարուհիցիին» «հրապարակաւ» գնահատանքին համար։
Այդ որքան ժլատ ենք եղած, որ զլացած ենք յարգալիր վերաբերմունք մը ցուցաբերելու երկար տարիներու վաստակ ունեցող կրթական մշակին հանդէպ։
Ինչո՞ւ այդքան դառնացած էր շրջապատի քար անտարբերութենէն ու լքուածութենէն, երբ ինքնանուիրումի իր բաժինը բերած էր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան։
Թերեւս չէր կրցած յարմարիլ հասարակութեան յարաբերութիններու պայմաններուն, որովհետեւ իր որոշակի կարծիքն ունէր իրողութիւններու նկատմամբ եւ տեսակէտները կը յայտնէր կտրուկ ու անզիջում։
Մեր հասարակական կեանքին մէջ ցաւալի երեւոյթներ կան, որոնք յաճախ կը կրկնուին ու կը վրիպին մեր տեսադաշտէն։ Երեւոյթներ, որոնց չենք փորձեր անդրադառնալ, թէ անհատականէն վեր կայ հաւաքական մտածողութիւնը, որ մեզի կը թելադրէ չմոռնալ հայեցի կրթութեան հաւատաւոր նուիրեալներուն մատուցելու մեր յարգանքի ու գնահատանքի տուրքը։
Ճշմարտութիւնը ընդունիլը ինքնասրբագրութեան միջոց մըն է։ Այդ կը պահանջէ հայեցի դաստիարակութեան սրբազան առաքելութիւնը։ Այդ կը պահանջէ մեր դարաւոր մշակոյթն ու մեր ոսկեղէնիկ հայոց լեզուն․․․:
Հալէպ






