Երազէ՛, Իրագործէ՛… Ներդրումներ Հայրենիքի Մէջ – 5 –
Զրոյցը վարեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
«Զարթօնք»-ը կը շարունակէ «Երազէ՛, իրագործէ՛… ներդրումներ հայրենիքի մէջ» խորագրով հարցազրոյցներու շարքը, որուն ծիրէն ներս կը ներկայացնենք Հայաստանի ու Արցախի օտարերկրեայ ներդրողները, սփիւռքահայ եւ հայրենադարձ մեր հայրենակիցները, որոնք, հաստատուելով հայրենիք, կը զբաղին ինչ–որ գործով, աշխատատեղեր կը ստեղծեն, ներդրում կը կատարեն եւ այդպիսով կ«օգնեն զարգացնելու եւ հզօրացնելու Հայաստանի ու Արցախի տնտեսութիւնը:
Շարքի հերթական հիւրը Հայաստանի մէջ «Արմօյլ» ընկերութեան հիմնադիր, հայրենադարձ, իրանահայ Ալֆրետ Ապետին է: Ընկերութիւնը հիմնադրուած է 2013 թուականին, կը զբաղի նաւթային հումքի, նաւթամթերքի` ինքնաշարժի իւղերու, վառելիքի, ձիւթի ներմուծմամբ եւ մանրամեծածախ վաճառքով: Նախքան «Արմօյլ» ընկերութեան հիմնումը, յատուկ մասնագէտներու շնորհիւ բազում ուսումնասիրութիւններ եղած են հայաստանեան շուկային մէջ, մանրամասնօրէն ուսումնասիրուած է տեղական շուկան, տեղի կլիմայական պայմանները, շուկային մէջ գործող քաղաքականութիւնը, սպառողներու պահանջարկն ու միջազգային որակը, եւ, ստացած արդիւնքներն ու ունեցած փորձառութիւնը համադրելով, ստեղծուեցաւ «Արմօյլ» ՓԲԸ–ն:
«Արմօյլ» ընկերութիւնը կը հանդիսանայ «Լուպրեքս» ապրանքանիշի պաշտօնական ներկայացուցիչը Հայաստանի եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ, եւ ինքնաշարժի իւղերը կը ներմուծէ ԱՄԷ–էն։
– Պարոն Ապետի, շնորհակալ եմ, որ չմերժեցիք հարցազրոյցի մեր հրաւէրը: Մինչեւ Հայաստան տեղափոխուելու, գործ հիմնելու մասին խօսիլը, խնդրեմ, կրնա՞ք ըսել, թէ ո՞ւր ծնած էք, ձեր արմատները ուրկէ՞ են:
– Ես շնորհակալ եմ ընտրութեան համար: Սփիւռքահայերուն մօտ միշտ երազ եղած է հայրենիք վերադառնալը: Անկախութենէն ետք շատ անգամ եկած-գացած եմ, փորձած եմ որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալ: 2010 թուականին արդէն դիմեցի քաղաքացիութիւն ստանալու համար, ընտանիքով ստացած ենք երկքաղաքացիութիւն եւ տեղափոխուած ենք Հայաստան: Մեր նախնիները եղած են Արարատեան դաշտավայրէն, ուր Շահ Աբասի ժամանակ տեղափոխուած են Իրան, Ճուլֆա քաղաքը եւ շրջակայ գիւղերը: Այնտեղէն եկած են Թեհրան: Ես ծնած եմ Թեհրան: Տարիներ շարունակ փորձած ենք մեր ազգային ինքնութիւնը պահել, պահպանել ազգային ինքնութիւնը եւ վերադառնալ հայրենիք:
– Հայաստան վերադառնալէ ետք ինչո՞վ զբաղած էք: Համառօտ կը պատմէ՞ք այդ ընթացքին ունեցած ձեր դժուարութիւններուն մասին:
– Տեղափոխուելէ ետք ուսումնասիրած ենք տարբեր ոլորտներ՝ աշխատելու համար: Առաջին մէկ-երկու տարին աշխատանքս պահած եմ Իրանի մէջ, բայց շատ դժուարութիւններ կային երթալ-գալու առումով: Վերջնականապէս տեղափոխուեցանք Հայաստան ու որոշեցինք այստեղ գործ ստեղծել: Տարբեր ոլորտներու մէջ փորձեր կատարած ենք, որոնք չեն յաջողած մինչեւ 2013 թուականը: Անկէ ետք իմ շատ սիրելի ընկերս՝ Հենրիկ Տէր Ղուկասեանը, ուսումնասիրութիւններ կատարեց Հայաստանի նաւթային շուկային մէջ ու առաջարկեց գործակցիլ: Ան ներդրումային մեծ ծրագիր պատրաստեց Հայաստանի համար՝ զուտ հայրենասիրութենէ մեկնելով: Հայաստանի մէջ նաւթային ոլորտը բաւական լուրջ խնդիրներ ունի: 2013 թուականին հիմնեցինք «Արմօյլ» ընկերութիւնը ու անմիջապէս անցանք գործի: Տուպայէն հրաւիրեցինք մասնագէտներ, շուկան ուսումնասիրեցին, առաջին ապրանքները ներմուծեցինք նոյնինքն Տուպայէն: Այնուհետեւ 2014 թուականին որոշեցինք գործարանը հիմնել Հայաստանի մէջ, որպէսզի մենք արտադրութիւն ունենանք նաեւ այստեղ որպէս հայկական ապրանքանիշ: 2015 թուականէն սկսանք գործարանի կառուցման աշխատանքները, որ մինչ այսօր կը շարունակուի՝ ի հեճուկս բազմաթիւ դժուարութիւններու: 2016 թուականին լուրջ խոչընդոտներու հանդիպեցանք պետական մակարդակով: Մօտ 5 մլն տոլարի վնաս ունեցանք, հետեւաբար գործը դադրեցաւ:
Երբ մենք վառելիք ներմուծեցինք Հայաստան, այդ ժամանակ մէկ լիթրի գինը 480 դրամ էր, ներմուծելէ ետք գինը իջաւ մինչև 310 դրամի, ինչը շատերուն համար դուրեկան չէր:
– Հայաստանի մէջ ձեր ունեցած դժուարութիւններուն մասին դեռ կը խօսինք: Ինծի համար հետաքրքրական է, թէ Թեհրանի մէջ ինչո՞վ զբաղած էք ու Հայաստան տեղափոխուելէ ետք ի՞նչ առեւտրական ծրագիրներ մշակած էք, որոնք ձախողած են:
– Թեհրանի մէջ ես զբաղած եմ գովազդային ընկերութեան գործերով: Իսկ այստեղ, նախքան այս ընկերութիւն հիմնելը, մենք փորձեցինք ձիւթի հարցով մտնել շուկայ, ընդհանրապէս չյաջողեցանք: Յետոյ փորձեցինք ընկերութիւն հիմնել, որ պիտի զբաղէր հայկական ձեռքի աշխատանքներու վաճառքով աշխարհով մէկ: Այդտեղ ալ խնդիրի հանդիպեցանք, քանի որ հարկային ու մաքսային ոլորտին մէջ այնքան խոչընդոտներ կային, ընդհանրապէս կարելի չէր ըլլար այդ պայմաններուն մէջ աշխատիլ: Յետոյ մրգային չիփսերու արտադրամաս հիմնեցինք, որ դարձեալ չյաջողեցաւ: Այդքանէն ետք որոշեցինք նաւթային ոլորտին մէջ աշխատիլ:
– Այդքան ձախողութիւններէ ետք, ինչպէ՞ս յաջողեցաք նաւթային ոլորտին մէջ աշխատիլ, ուղին ինչպէ՞ս բացուեցաւ ձեր առջեւ:
– Դիւրին չէ եղած սկզբնական շրջանին, քանի որ մենք իւղերու ներմուծմամբ կը զբաղէինք, այդքան խնդիր չունէինք, չնայած մինչեւ այսօր ալ իւղի շուկան լուրջ ու խնդրայարոյց է, որովհետեւ անօրինական իւղեր կը ներմուծուին Հայաստան, անօրինական իւղեր կը պատրաստուին Հայաստանի մէջ: Գաղտնի տեղեր կան, ուր կ’արտադրեն իւղեր, զանոնք կը մտցնեն շուկայ, իրենց գիները այնպիսին են, որ չէք կրնար մրցիլ իրենց հետ: Մենք այս հարցը բազմիցս բարձրացուցած ենք, տարբեր տեղեր խօսած ենք, ժամանակին բնապահպանութեան, տնտեսութեան նախարարութիւններու հետ խօսած եմ, վարչապետին հետ խօսած եմ, բայց ոչ մէկ արդիւնք, նոյն ձեւով կը շարունակուի: 2016 թուականի երկրորդ եռամսեակին, երբ ընդհանուր գործը դադրած էր, մենք ոչ մէկ աշխատակից հեռացուցած ենք պաշտօնէ, նոյն կազմը պահած ենք: Մէկ տարի մենք ընդհանրապէս չենք աշխատած, բայց աշխատողները պահած ենք: Կրնամ ըսել, որ Հայաստանի մէջ շահաւէտ չէ ներդրումներ ընելը, պէտք է վերանայուին օրէնքները: Այսօր որպէս իւղի արտադրող՝ մենք մօտ 39 մլն տոլարի ներդրումային ծրագիր կ’իրականացնենք: Գործարանը արդէն աւարտին կը հասցուի, բայց մեր արտադրած իւղը Հայաստանի մէջ ոչ մէկ տարբերութիւն ունի ներմուծուող իւղի հետ: Մինչեւ Հայաստանի մէջ օրէնքները չվերանայուին, ներդրումային դաշտը չի կրնար բարելաւուիլ:
– Գործարանը քանի՞ աշխատատեղ պիտի ապահովէ եւ առհասարակ ձեր ընկերութիւնը քանի՞ աշխատակից ունի եւ միջին աշխատավարձը ինչքա՞ն է:
– Բացուելէ ետք մօտ 250 աշխատատեղ կը ստեղծուի եւ բարձր աշխատավարձով: Մեր ամենացած աշխատավարձը 120-150 հազար դրամ է, որ այս պահու դրութեամբ ՀՀ-ի մէջ լաւ աշխատավարձ կը համարուի: Մեր մօտ թէ գրասենեակի աշխատողները, թէ արտադրութեան, սկզբնական շրջանին, երբ կու գան աշխատանքի, կը ստանան 120 հազար դրամ աշխատավարձ, յետոյ երեք ամիս փորձաշրջան կ’անցընեն եւ կը տեղաւորուին իրենց հիմնական տեղը հիմնական աշխատավարձով: Ունեցած ենք մարդիկ, որ 120 հազարով սկսած են, փորձաշրջանը անցած են, բաւական լաւ արդիւնք ցուցաբերած են ու 200 հազար դրամով անցած են աշխատանքի: Ամէն տարի մենք աշխատավարձերու բարձրացում կը կատարենք: Աշխատողը պէտք է հանգիստ ըլլայ, գոհ ըլլայ իր աշխատավայրէն եւ եկամուտէն, որպէսզի կարենայ ճիշդ աշխատիլ: Ի դէպ, մեր գործարանը եւրոպական կարգերով որպէս կանաչ արտադրութիւն կը համարուի, որեւէ ձեւով մարդու առողջութեան վնաս չի կրնար հասցնել: Այս պահու դրութեամբ մենք ունինք մօտ 100 աշխատող, բայց սկսած ենք մօտ 10 աշխատողով:
– Յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին կը խօսի՞ք: Բացի արտադրամասի կառուցումը աւարտին հասցնելէ՝ ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:
-Կ’ուզեմ նշել, որ մենք կը ծրագրենք ունենալ սեփական փոխադրող ընկերութիւնը, այսինքն՝ ունենանք մեր մեքենաները, որպէսզի հումքը անոնցմով ներմուծենք: Օրինակ՝ եթէ այստեղ ունենանք 50 մեծ մեքենայ, ատիկա արդէն 50 աշխատատեղ կը նշանակէ, 50 ընտանիք կ’ապահովուի աշխատանքով: Մարզերուն մէջ պիտի ունենանք մեր նեկայացուցիչները, վաճառքի բաժինները, անոնք ալ աշխատատեղեր են: Եթէ այդ ցանցը մենք բանանք, մօտ 1000 հոգի աշխատանքով կրնայ ապահովուիլ: Նաեւ նշեմ, թէ գործարանը, որ կը կառուցուի Եղուարդ քաղաքի Նատի թաղամասը, նոյն այդ մարդոց համար պիտի ստեղծէ աշխատատեղ: Թէ ինչքանով իրենք կը համապատասխանեն մեր պայմաններուն, այլ հարց է, բայց առաջնայինը իրենք պէտք է աշխատին: Ես Եղուարդի մէջ գործարան չեմ կառուցած, որ երթամ Քապանէն աշխատող բերեմ: Կրնամ ըսել, որ մեր միջազգային ճանաչումը աւելի ուժեղ է, քան Հայաստանի մէջ: Տուպայի, Իրանի, Թուրքմենիստանի մէջ մենք գրանցուած ենք որպէս ըներութիւն, բազմաթիւ պայմանաւորուածութիւններ ունինք այլ երկիրներու հետ ու մեզ որպէս յաջողակ կը ճանչնան: Անոնք եկած-տեսած են ու զարմացած են, որ Հայաստանի մէջ նման բան կարելի է: Մենք հինգ տարիէ Հայաստան ենք, ոչ մէկ պետական պաշտօնեայ եկած է մեր մօտ կամ ուշադրութիւն դարձուցած է: Մենք Հայաստանի մէջ լիովին անտեսուած ենք որպէս խոշոր ներդրող: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ այդպէս է:
– Շնորհակալութիւն հարցազրոյցի համար: