Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Հըզպալլայամէտ Սիւննի Երեսփոխանները Կը Վերահաստատեն Ներկայացուցչութիւն Ձեռք Ձգելու Իրենց Պահանջը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  6 սիւննի հըզպալլայամէտ երեսփոխանները վերահաստատեցին յառաջիկայ կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու հետ կապուած ձգտումին լիովին կառչած մնալու իրենց հակուածութիւնը:
Յիշեալ 6 երեսփոխաններէն մէկը՝ Ժիհատ Ալ Սամատը, Թրիփոլիի իր նստավայրին մէջ հըզպալլայամէտներու հանդիպումին հանդէս եկաւ հեռուստատեսային յայտարարութեամբ՝ կապուած իրենց դիրքորոշումին:
Նշենք, որ Հըզպալլա կուսակցութիւնը անցնող տարուան Հոկտեմբեր ամիսէն կը շարունակէ խոչընդոտել վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի՝ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղի վերացնելու ուղղութեամբ ներդրած ջանքերը՝ յամառ մնալով վարչապետի պաշտօնակատարի Մուսթաքպալ շարժումէն դուրս սիւննի երեսփոխաններուն ներկայացուցչութիւն ընձեռելու պահանջին վրայ:
Թէեւ նախագահ Միշէլ Աուն սկիզբը մերժեց վերոյիշեալ պահանջը, սակայն այնուհետեւ ընդունեց իր բաժնեմասէն նախարարական աթոռ մը յատկացնել վեց երեսփոխաններէն մէկուն: Այնուամենայնիւ, անոնք մերժեցին նախագահ Միշէլ Աունի առաջարկը:
«Մենք միայն կ’ընդունինք այն պարագան, երբ նախարար մը մեզ պիտի ներկայացնէ բացառապէս»,- ըսաւ Սամատ:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին