«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ղասսան Հասպանի մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսի ժամանակ ըսաւ, թէ այն պնդումները, որ իր նախարարութիւնը բարձր կը վճարէ դեղորայքի համար, որեւէ ձեւով չեն համապատասխաներ իրականութեան:
Հասպանի հերքեց այն լուրերը, թէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 2018 թուականին աւելի աժան գինով ձեռք բերած է դեղորայք, քան առողջապահութեան նախարարութիւնը:
«Ալ Ախպար» օրաթերթը Չորեքշաբթի հաղորդեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը որոշ պարագաներու դեղորայք ձեռք բերած է 500 տոկոսով աւելի, քան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Թէեւ ան ուղղակի չակնարկեց օրաթերթին, սակայն Հասպանի հերքեց այդ առումով տեղի ունեցած պնդումները:






