«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիան կը պատրաստուի Նախիջեւանի մէջ ռազմակայան հիմնելու, որ Հայաստան գտնուող ռուսական ռազմակայանին հակակշռելու նպատակ ունի:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին Յունուար 25-ին մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսաւ Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը:
«Թուրքիոյ աշխուժութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ վերջին շրջանին աւելի շատ կ’երեւի յատկապէս Նախիջեւանի ուղղութեամբ, այստեղ աշխուժութիւնը ոչ միայն քաղաքական է, այլ նաեւ ունի ռազմական կարեւոր բաղադրիչ: Թրքական մամուլը արդէն կը գրէ, որ Թուրքիան այստեղ կը պատրաստուի հիմնելու երրորդ ռազմակայանը իր սահմաններէն դուրս: Ան կը փորձէ Հարաւային Կովկասի մէջ իր ոտքը դնելու տեղը ընդլայնել եւ հզօրացնել իր ներկայութիւնը նաեւ ռազմական առումով: Սա, ի հարկէ, նաեւ աշխարհաքաղաքական գործընթաց է, եւ չեմ կարծում, որ ռուսերուն կողմէ լուրջ հակազդեցութեան չի արժանանա, որովհետեւ սա կը կատարուի առաջին հերթին Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի գոյութեան հակակշռելու նպատակով»,- ըսաւ Սաֆրաստեանը:
Արեւելագէտը նաեւ նշեց, թէ Թուրքիան կ’օգտուի այն հանգամանքէն, որ Ռուսիան ունի իր կարիքը Սուրիոյ գործընթացներուն մէջ:






