Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Պուխարի Վստահեցուց, Որ Ան Իրազեկ Պիտի Դառնայ Սէուտական Արաբիոյ՝ Լիբանանի Հանրապետութեան Ըստ Կարելւոյն Օժանդակելու Յայտարարութեան Մանրամասնութիւններուն

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի վերահաստատեց Թագաւորութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Լիբանանին՝ վստահեցնելով, որ ինքը անձնապէս իրազեկ պիտի դառնայ ելեւմտական նախարարութեան՝ Տաւոսի մէջ համաշխարհային տնտեսական համաժողովին Հանրապետութեան ըստ կարելւոյն օժանդակելու յայտարարութեան մանրամասնութիւններուն:

Երբ հարց տրուեցաւ, թէ արդեօք Սէուտական Արաբիան մտադի՞ր է Քաթարի՝ Լիբանանի կառավարութենէն 500 մլն տոլարի պարտատոմս գնելու նշանակալի եւ արդիւնաւէտ ներդրումին նման ինչ-որ ծրագիր իրականացնել, Թագաւորութեան ելեւմտական նախարար Մուհամմատ Ալ Ժատաան «CNBC»-ի հետ հարցազրոյցին ի պատասխան ըսաւ. «Մենք հետամուտ ենք կայունութիւն տեսնելու Լիբանանի մէջ, հետեւաբար պատրաստ ենք ամէն գնով օժանդակութիւն ցուցաբերելու»:

Այնուամենայնիւ, այս առումով Ալ Ժատաան որեւէ մանրամասնութիւն չէ հաղորդած:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին