Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Եւրախորհրդարանը Յորդորած Է Լոնտոնին Յստակացնել Brexit-ի Վերաբերեալ Իր Դիրքորոշումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Եւրախորհրդարանը (ԵԽ) Մեծն Բրիտանիոյ իշխանութեան կոչ ըրած է յառաջիկայ օրերուն յստակացնել իր դիրքորոշումը Եւրամիութեան կազմէն Թագաւորութեան դուրս գալուն վերաբերեալ, որուն շուրջ բանակցութիւնները փակուղի մտած են այն կապակցութեամբ, որ երկրի խորհրդարանը կը մերժէ վաւերացնել Brexit-ի համաձայնագիրը: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ըսուած է Brexit-ի խնդրով ԵԽ-ի համակարգող խումբի յայտարարութեան մէջ, որ Յունուար 24-ին տարածուած է Պրիւքսելի մէջ:

«Brexit-ի խնդրով Եւրախորհրդարանի համակարգող խումբը Յունուար 24-ին քննարկած է բանակցութիւններու վիճակը Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ անցած շաբաթ կայացած կարեւոր քուէարկութեան եւ Յունուար 21-ին վարչապետ Թերեզա Մեյի կատարած յայտարարութեան լոյսով,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:- Համակարգող խումբը Մեծն Բրիտանիոյ կոչ ըրած է յառաջիկայ օրերուն յստակացնելու իր դիրքորոշումը»:

ԵԽ-ի խումբը այն կարծիքին է, որ Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը խորհրդարանին մէջ համաձայնագիրի մերժումէն ետք պէտք է միասին աշխատի բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն հետ, որպէսզի «յաղթահարէ այդ փակուղին»: «Ան կ’ակնկալէ, որ բրիտանական կողմը որքան կարելի է շուտ կը վերադառնայ հետագայ գործողութիւններու վերաբերեալ դրական եւ կենսունակ առաջարկով»,- կը նշէ ԵԽ-ը:

Խումբը վերստին ընդգծած է, որ Brexit-ի վերաբերեալ ներկայիս համաձայնագիրը «արդարացի է եւ պէտք չկայ զայն վերանայելու», հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին