ՄՈԼԻ ՊՈԼ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Առաջին «ճակատամարտ»ը նախագահ Թրամփի ու Ներկայացուցիչներու տան նորընտիր ատենաբան Նենսի Փըլոսիի միջեւ, պիտի ձեւաւորէ պետական հաւասարակշռութիւնը Ուաշինկթընի մէջ։
Նոր տարին ընթացք կ՚առնէ Դաշնակցային կառավարութեան կիսաբաց գործընթացքով առաջին երեք շաբաթներէ իվեր։ Նենսի Փըլոսի նուազագոյն տեղատուութիւնը չի ցուցաբերեր։ Իսկ զայրացած նախագահ Թրամփ, փոխանակ բանակցելու, դիմած է հեռատեսիլի կայաններուն, իր դիրքորոշումը պաշտպանելու համար, ու տագնապի այլազան միջոցառումներուն դիմելու համար։ Դաշնակցային գրասենեակներն ու թանգարանները փակուած են։ Աղբերը կը կուտակուին հանրային պարտէզներու մէջ։ Օդանաւակայաններու պաշտօնէութիւնը կ՚աշխատի առանց վճարումի։ Անկելանոցներու բնակիչները մտահոգ են որ պիտի իրաւազրկուին։
Վերոյիշեալ մանրամասնութեանց եթէ չերթանք, դժուար թէ կարելի ըլլայ այլապէս պատկերացնել Ամերիկայի քաղաքական վիճակը։ Դաշնակցային իշխանութիւն, որուն առաջնորդներուն իւրաքանչիւր կողմը պնդելով որ գրաւը բարձր էր, քաշուած են իրենց անկիւնները։ Բեմադրութեան կեդրոնը կը գտնուին երկու կոթողային դէմքեր, որոնց բախումէն կախում պիտի ունենայ յաջորդ երկու տարիներու ընթացքը։ Թրամփ ու Փըլոսի, որոնք կը թուին ըլլալ երկփեղկուած Ամերիկայի մը երկու զօրաւոր առաջնորդները, եւ որոնց վարկը խնդրոյ առարկայ է, իւրաքանչիւրը համոզուած է որ ի՛նք պիտի ըլլայ շահող կողմը։
Նախագահ Թրամփ, երկու տարուան քաշքշուքէ եւ յետաձգումէ ետք, վերջապէս յայտնած է, թէ քաղաքականութեան առաջնահերթ խոստումը եղած է հարաւի սահմանային ցանկապատը, պնդելով որ տառական՞՞՞ այդ արգելքը կառուցուի սիմենթէ կամ պողպատէ. թէեւ նման միջոցառում մը ժողովրդական չէ եւ արհամարհուած է գաղթականական մասնագէտներու կողմէ։ Սակայն, Պրն. Նախագահը յոյժ զգայուն ըլլալով, եւ առնական տիրապետող բնութեան հետեւանքով, տեղի տալը պիտի նշանակէր մեծ նուաստացում մը, որ պիտի տկարացնէր իր դիրքը վերընտրական աշխատանքներու ատեն։ Մէկ խօսքով, անոր կռնակը պատին եկած է։
2018-ի Նոյեմբերի ընտրութեանց, Ներկայացուցիչներու տան ձեռք բերուած տեմոքրաթ մեծամասնութիւնը իբրեւ կռուան ունենալով, Փըլոսի առաջին հերթին պիտի մերժէ Թրամփի ծանօթ կեցուածքը, կամ՝ քաղաքականութիւնը, գաղթականութեան հարցին մէջ։
Թրամփ անսովոր նախագահ մըն է, ու բոլորովին կ՚անտեսէ Փըլոսիի օրէնսդրական փորձառութիւնը կամ նախաձեռնութիւնները։ Անիկա յայտարարած է, թէ դաշնակցային աշխատաւորները մտահոգուած չեն, եւ ինք պետական սպասարկութիւնները փակ պիտի պահէ ամիսներ, ու նոյնիսկ՝ տարիներ։ Ամէնէն ճկուն բանակցողն իսկ ինչպէ՞ս պիտի վարուի նախագահի մը հետ, որ անսովոր կեցուածք ունի հակամարտութեան ատեն, կամ՝ ուրիշներուն տառապանքին հանդէպ։
Պրն. Նախագահը Յունուար 8-ին յայտարարեց, թէ «ներգաղթը, Մեքսիքոյէն, ստեղծած է սիրտի եւ հոգիի մարդկայնական տագնապ մը, որ կը սպառնայ մեր ազգային ապահովութեան»։
Յաջորդ օրը, Խորհրդարանին մէջ, հանրապետականներու ղեկավարը՝ Միչ ՄըքՔանըլ յայտարարած է, թէ ոչ մէկ առաջարկութիւն նկատի պիտի առնուի առանց նախագահի հաւանութեան։ Սակայն, կարգ մը նահանգներու հանրապետականներ կողմնակից են բանալու սահմանը, քանի հանրային կարծիքին մեծամասնութեան համար սահմանային պատը, պատմականօրէն իր նշանակութիւնը կորսնցուցած է, փոխարինուելով ապաստանի մարդկայնական տագնապով մը, որուն արգելք կը հանդիսանայ նախագահ Թրամփի անզիջող քաղաքականութիւնը, որ կարգ մը պարագաներու դատարանը անօրէն նկատած է։ Այս դիրքորոշումը պիտի տկարացնէ նաեւ հանրապետական մեծամասնութիւն ունեցող Ծերակոյտին նախագահական նեցուկը։
Իր երկրորդ տարուան պաշտօնավարութեան աւարտին, աննպաստ ընտրական արդիւնքներէ ետք, Պրն. Նախագահը կրնար նոր սակարկութեան մտնել տեմոքրաթներու հետ։ Այլ խօսքով, անօրէն գաղթականներու զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհել, փոխարէնը ընդունելով տեմոքրաթներուն առաջարկը, մինչեւ 25 պիլիըն յատկացումի մը ի նպաստ քուէարկել, սահմանային պատի մը կառուցումին համար։ Սակայն, 2018 Դեկտեմբերին, աջակողմեան պոռթկում մը փոխել տուաւ նախագահին դիրքորոշումը ինչ որ արդէն իր ուզածն էր։
Կառավարութեան փակումը տեմոքրաթներուն կ՚ընծայէր առիթը, փոփոխութիւն մը յառաջացնելու համար գաղթականութեան քաղաքականութեան մէջ։ Փըլոսի ու Շումըր յայտարարեցին թէ նախագահը «ամերիկացի ժողովուրդը պատանդ բռնած էր», կեղծ տագնապ մը ստեղծելով։ Այս հակամարտութենէն եթէ յաջող դուրս գան, տեմոքրաթները պիտի վրիպեցնեն նախագահին նպատակները։ Այնուհետեւ, պիտի հետեւին կարգ մը հետաքննութիւններ տեմոքրաթներու կողմէ։
Նախագահ Թրամփի Յունուար 8-ի հեռատեսիլի ելոյթի նախօրեակին, յայտնաբերուեցան նոր վկայութիւններ, ուր նախագահին ընտրարշաւի ղեկավարն ու պաշտօնակից մը FBI-ի կողմէ կ՚՚ամբաստանուէին ռուսական գաղտնի կազմակերպութեան հետ գործակցութեամբ։ Յունուարի վերջը նախագահը պիտի ճամբորդէ, Տավոսի (Զուիցերիա) մէջ կազմակերպուած տարեկան տնտեսական համագումարին, ուր պիտի հանդիպի աշխարհի ճակատագիրը բնորոշող անձնաւորութեանց։
Փլուզումի մէջ եղող իշխանութեան մը իբրեւ ղեկավար Թրամփ կը գործէ բնազդաբար, կը ծուատէ կանոններ, կ՚առնէ անօրինական կամ խնդրական նախաձեռնութիւններ, որոնք ուսումնասիրուած չեն, այլ՝ արդիւնք իր մեծամտութեան (machismo)։
Մինչդեռ, խորհրդարանի ատենաբանը, Փըլոսին, պատրաստելով տեմոքրաթներու միաձոյլ ճակատ մը, կ՚ընտրէ տրամաբանական ուղի մը, ու կը հետեւի անոր։
Յիշեալ երկու տիտանեան անձնաւորութեանց անվերջ բախումին արդիւնքը տեսանելի չէ տակաւին։
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Թայմ» շաբաթաթերթ, 21 Յունուար 2019






