Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

«60 ՏԱՐԻՆԵՐ ՏԻՐՈՋ ԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ»

ՀԵՂԻՆԱԿ՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան 

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յարատեւութեամբ եւ իր 42-րդ գիրքով, Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան կը շարունակէ ներշնչել մեր մտքերն ու հոգիները, մինչ կը բոլորէ իր հովուական առաքելութեան եւ հոգեւոր յանձնառութեան  60-րդ տարեդարձը։

Անոնք որոնք մօտէն կը ճանչնան ու կը հետեւին Վեր. Թութիկեանի ժրաջան աշխատանքին, ըլլայ որպէս հովիւ եւ քարոզիչ, ըլլայ որպէս գրչի մարդ, որպէս ուսուցիչ եւ դաստիարակ եւ կամ որպէս ակնառու եկեղեցական եւ ազգային առաջնորդ, պիտի հասկնային թէ Վերապատուելին ինչպիսի յետադարձ ակնարկ մը նետելով մօտիկ եւ հեռու անցեալին, կը բնորոշէ կեանքի այն ճանապարհները ուրկէ անցնելով իր ազդեցութիւնը թողած է անհատներու եւ հաւաքականութիւններու վրայ, զանոնք սնուցանելով Աւետարանի լոյսին ճշմարտութիւնով։ Վեր. Թութիկեանի գրական տաղանդներու շնորհիւ, այս «պահը» կը վերածուի հեղինակային գրքի մը, որտեղ ընթերցասէր մարդիկ եւ հաւաքականութիւններ կ՚ըմբոշխնեն հովիւի մը սրտէն բխող մտորումները եւ փորձառութիւնները։

Գիրքի բովանդակութիւնը երկլեզու է՝ հայերէն եւ անգլերէն։ Իւրաքանչիւր բաժինով, հեղինակը մեզ կը տանի ճանապարհորդութեան՝ եկեղեցական տօնացոյցի հետքերով։ Ան կ՚ընդգծէ այն ինչ որ հովիւ մը պիտի շեշտէր եկեղեցական եղանակները ապրող անհատներ, ընտանիքներ եւ հոգեւոր հաւաքականութիւններ։ Ան կ՚անդրադառնայ  հաւատքի կեանքը սնուցանող էական նիւթերու, ինչպէս՝ «Ճանչնալ Քրիստոս», «Հոգեւոր հաւասարակշռութիւն», «Աղօթքի կեանք», «Առատաձեռնութիւն», «Վկայութիւն», «Ծառայութիւն» ու նման նիւթեր, որոնք մեզ կը տեղափոխեն հաւատքի աճման աւելի վսեմ մակարդակներու։

Վեր. Թութիկեան խոնարհաբար ինքզինք կը տեսնէ Աստուծոյ օծութիւնը ստացող ծառայ մը, որ մասնակից դարձած է Աստուծոյ այգին սնուցող եւ մաքրող մեծագոյն Մշակ՝ Յիսուս Քրիստոսի, սիրելով «Այգին»՝ եկեղեցին, զօրավիգ կանգնելով անոր ճիւղերու կենսունակութեան եւ ուրախանալով անոր պտղաբերութեամբ։

Նոյն ուժգնութեամբ, Վեր. Թութիկեան կը շեշտէ այն առանձնաշնորհումը որ իր հովուական առաքելութիւնը կատարած է հայ ազգի հոգեւոր եւ մշակութային ենթահողէն ներս։ Ան կ՚ընդգծէ հայկական իրականութեան մէջ պատմական եւ մշակութային բոլոր այն մղոնաքարերը, որոնք պիտի շարունակեն մեզ ներշնչել ազգային ինքնութեան պահպանութեան երաշխիքով։

Վեր. Թութիկեանի խորհրդածութիւնները կարճ, սակայն նոյն ատեն բովանդակալից են։ Սեղմ տողերու մէջ զետեղուած խորհուրդները մեր մտքերը առաւել կը հարստացնեն այլ հեղինակներու, իմաստասէրներու եւ Աստուածաբաններու մէջբերումներով։ Աւելի հետաքրքրականը, հատորը կը բովանդակէ հեղինակին պատկանող նախկին կարգ մը հատորներու շուրջ մամուլի մէջ լոյս տեսած գրախօսականներ, ինչ որ կը ստեղծէ համապարփակ վկայութիւններու հաւաքածոյ մը Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեանի 60 եւ առաւել տարիներու հոգեւոր գրականութեան վաստակին։

Վերջապէս, արդարացի է ըսել, որ շուրջ 60 տարիներ առաջ, Քեսապ աւանի Էքիզ-Օլուք գիւղէն, Հունձքի Տէրը պատանի մը կանչեց հոգեւոր ծառայութեան. թէկուզ նա սահմանափակ փորձառութիւն ունէր տարրական այգեպանութեան մէջ, սակայն Տէրոջ օրհնութիւնով եւ շնորհքով, Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան դարձաւ հաւատարիմ եւ բեղուն հոգեւոր մշակ մը «Տիրոջ այգի»ին մէջ։

 

ՎԵՐ. ՎԱՉԷ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ

Նախագահ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան

Տաունի, Քալիֆորնիա

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին